
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով լաւագոյն բեմագրութիւնը պիտի ըլլայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ համաձայնութիւնը:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ եւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը: