Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարը եւ երկիրը իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն դուրս բերելու հեռանկարները:
Նշենք, որ զօր. Աունի տեղեկատուական գրասենեակը հերքեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կողմէ Ռապիէ կատարուելիք այցելութեան մասին տեղեկութիւնները: