Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց միջազգային ընտանիքին ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան մարդասիրական շարք մը ծրագիրներ, որոնց նպատակն է օժանդակել Լիբանանին` դիմագրաւելու համար անոր դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի սուրիացի գաղթականներուն:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Միշել Քամերոնը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: