Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ 4 հոգի ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցելու, ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու եւ Ուատի Խալետի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի էմիրութիւն մը հաստատելու յանցանքներով:
Ըստ Սաքըրի, ահաբեկչական այս ցանցին անդամներուն նպատակն էր լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել:
Ամբաստանեալներուն շարքին են Ժիհատ Ղազի եւ Թարեք Օպէյտ:
Սաքըր ամբաստանեալներուն թղթածրարները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի: