Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Նախաձեռնութեան Մասին Որոշ Կողմերու Լռութիւնը Ստեղծած Է Շփոթ Մը

December 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lebanese-elections_120715

Երկուշաբթի օրուան լռութիւնն ու որոշ չափով յոռետես կեցուածքները ջրեցին նախագահական ընտրութեան առումով շաբաթավերջին արձանագրուած լաւատեսութիւնը:

Դրական մթնոլորտը ջլատուեցաւ, երբ վերջ գտան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անմիջական Պէյրութ վերադարձի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը:

Սակայն նախագահական ընտրութիւնը մնաց երկրին մէջ կատարուած քաղաքական հանդիպումներուն քննարկումի առանցքը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Ֆրենժիէի միջեւ հանդիպումին հաւանականութիւնը իր կարգին սառեցաւ եւ երկու ղեկավարները մնացին լուռ:

Այդ լռութիւնը խզուեցաւ այլ Աունի մը` նախկին նախարար Մարիօ Աունի կողմէ, որ բնական նկատեց, որ Ֆրենժիէ մերժէ առաջադրուած նախաձեռնութիւնը, այսինքն` ինքն իր թեկնածութիւնը:

Միւս կողմէ, Պնաշհիէն ծագեցաւ յոյսի նշոյլ մը, երբ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտարարեց, որ իրենք լիայոյս են, թէ նախագահական ընտրութեան նպատակով առաջադրուած նախաձեռնութեան յաջողութիւնը տակաւին առկայ է:

Ռապիէի քար լռութեան եւ Պնաշհիի մէջ տիրող լաւատեսութեան զուգահեռ` Թեհրանէն հնչեց Լիբանանի մէջ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան հրամայականը, նախքան շրջանային առումով արձանագրուող դէպքերուն ընդարձակումը:

Թեհրանի կոչին վրայ եկաւ աւելնալու Լաթաքիոյ մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կանչը, որուն շրջագիծին մէջ շեշտուեցաւ, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր պլոքները նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութեան նկատմամբ լուրջ վերաբերում պէտք է ցուցաբերեն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ նախաձեռնութեան ետին կը գտնուին օտար պետութիւններ:

«Լիբանանի մարոնի քաղաքական ուժերը պէտք է խորհրդակցին եւ դուրս գան ազգային որոշումով մը` յայտարարելով նախագահական ընտրութեան թեկնածուին ինքնութիւնը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ ինք մարոնի համայնքի չորս ղեկավարները հրաւիրած է Պքերքէի մէջ հանդիպումի մը, որուն մասին անոնցմէ տակաւին պատասխան չէ ստացած:

Այս զարգացումներուն կողքին, երէկ երեկոյեան խորհրդարանի նախագահին մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ զօր. Աունի եւ Ֆրենժիէի միջեւ հանդիպում մը նախատեսուած է յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին:

Իսկ ներքին լիբանանեան անդորրը պահպանելու միտումով Մուսթաքպալ հոսանքն ու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը զգուշացուցին իրենց հետեւորդներն ու համակիրները Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն դէմ ցեխարձակումներ չկատարելու` ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն ընդմէջէն:

Հաւանաբար եկող օրերու քաղաքական զարգացումներուն ընդմէջէն կարելի ըլլայ շօշափել, թէ նախագահական ընտրութեան առումով ստեղծուած այս շփոթը Պաապտայի թափուր աթոռին վրայ արդիւնքներ կամ հետեւանքներ պիտի ունենա՞յ:

Նախորդը

«Խորհրդարանական Համակարգը Արդէն Իրականութիւն Է» Յայտարարեց Նախագահ Սարգսեան

Յաջորդը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է Ծախելու Քաւանին` Փոխան 44,4 Միլիոն Եւրոյի

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.