Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէ Գաղթակայանի Ապահովական Կայունութիւնը Դարձեալ Խախտեցաւ

April 2, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ain_helwe_40116

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ տիրող ապահովական խախուտ կայունութիւնը դարձեալ խախտեցաւ, երբ երէկ երեկոյեան զինեալ բախումներ արձանագրուեցան Ֆաթհ շարժումին եւ Իսլամ երիտասարդներուն, յատկապէս Օսպաթ Անսարի միջեւ:

Երեկոյեան կանուխ ժամերուն սկսած կրակոցները ուշ գիշերին աւելի եւս շեշտուեցան եւ վերածուեցան ռումբերով ու նռնականետերով բախումներու, որոնց պատճառով զոհուեցաւ Հիւսէյն Օսման եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ:

Զինեալ բախումները հիմնականին մէջ կեդրոնացան Սաֆսաֆի, Թայթապայի, Աքպարայի, Պրաքսաթի եւ Այն Հելուէի մայր փողոցին վրայ:

Կէս գիշերին Օսպաթ Անսարի զինեալները, որոնք խիստ ներկայութիւն էին Սաֆսաֆ փողոցին մէջ, հեռացան անկէ, իսկ պաղեստինեան զինեալ ուժերու միացեալ ջոկատի անդամներ, Սաֆսաֆի զուգահեռ Պուսթան Քուտս փողոցին մէջ հսկողութիւն կատարեցին` կանխարգիլելու համար զինեալ բախումներուն տարածումը ամբողջ գաղթակայանին մէջ:

Զինեալ բախումները հանդարտեցնելու եւ գաղթակայանին կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով պաղեստինեան զանազան ուժեր խորհրդակցութիւններ կատարեցին:

Իր կարգին, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, որ կը գտնուէր Լիբանանէն դուրս, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Ֆաթհի եւ իսլամական տարբեր ուժերուն, ինչպէս նաեւ Սայտայի ապահովական ուժերուն հետ` անոնցմէ պահանջելով ճնշում բանեցնել եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել, որպէսզի Այն Հելուէ գաղթակայանն ու Սայտան արիւնահեղութեան թիրախ չդառնան:

 

 

Նախորդը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին ՏԱՀԵՇ-ի Պատկանող Բջիջի Մը Անդամները

Յաջորդը

Մոսկուայի Մէջ Փութին Ընդունեց Հարիրին

RelatedPosts

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը`  Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ  Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ  Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան  Նոր Փուլի Մը»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան Նոր Փուլի Մը»

November 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.