Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բրիտանիա 19,8 Միլիոն Սթերլինկի Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Լիբանանեան Բանակին, Իսկ Գաղթականները Ժամանակաւոր Հիւրեր Են» Շեշտեց Հեմընտ

April 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հեմընտ - Քահուաժի հանդիպումէն պահ մը
Հեմընտ – Քահուաժի հանդիպումէն պահ մը

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Հեմընտ, որ նախանցեալ օր ուշ գիշերին միօրեայ այցելութեամբ մը հասած էր Լիբանան, երէկ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու Լոնտոնի յանձնառութիւնը:

Հեմընտ իր այցելութիւններուն սկսաւ Եարզէէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած բրիտանական զինուորական օժանդակութիւնները, յատկապէս բանակը զինելու եւ անոր սահմանապահ ուժերը, ի մասնաւորի երկրին հիւսիսարեւելեան սահմաններուն հսկող սահմանապահ ուժերը արդիական սարքերով օժտելու կարելիութիւնները` երկիրը ահաբեկչութեան վտանգին դիմաց պաշտպանելու նպատակով:

Զօր. Քահուաժի շնորհակալութիւն յայտնեց բրիտանական իշխանութիւններուն, որոնք բանակին տրամադրեցին 19,8 սթերլինկի օժանդակութիւն, որ պիտի տրամադրուի երեք տարուան ընթացքին:

Իր կարգին, Հեմընտ բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու միասնականութիւնը պաշտպանելու առումով:

«Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւնները շարունակելու իմաստով», ըսաւ ան:

Վարչապետարանին Մէջ

Հեմընտ եւ Սալամ
Հեմընտ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Հեմընտը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հեմընտ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին կատարուած բրիտանական օժանդակութիւնը կը դրսեւորուի ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարով եւ Լիբանանի սահմաններուն պահպանումով` յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ի հաւանական ներխուժումներուն դէմ: «Հետեւաբար Լոնտոն նախանձախնդրութեամբ պիտի շարունակէ պահպանել Լիբանանի ապահովութիւնը` զայն հեռու պահելով ահաբեկչութեան վտանգներէն», ըսաւ ան:

Հեմընտ յայտնեց նաեւ, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է երկրին քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի մէջ մշակուած սուրիացի գաղթականներու տագնապը դիմագրաւելու ծրագիրները:

Պըրրիի Մօտ

Պըրրի եւ Հեմընտ
Պըրրի եւ Հեմընտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հեմընտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը, երկրին դէմ ծառացող ապահովական մարտահրաւէրներն ու բանակին կատարուած եւ կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնները:

Պուսթրոս Պալատին Մէջ

Հեմընտ եւ Պասիլ
Հեմընտ եւ Պասիլ

Յետմիջօրէին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց իր բրիտանացի պաշտօնակիցը, որուն հետ հանդիպելէ ետք Պուսթրոս պալատին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:

Պասիլ յայտնեց, որ լիբանանեան սահմանադրութիւնը կտրականապէս կը մերժէ գաղթականներու բնակեցումը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը հաւատայ, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի է լուծել քաղաքական միջոցներով:

Իր կարգին, Հեմընտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականները ժամանակաւոր հիւրեր են եւ անոնք իրենց երկիրը պիտի վերադառնան` ապահովութեան վերահաստատումէն ետք:

Հեմընտ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի պետական հաստատութիւններուն պահպանումը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Ան հաստատեց, որ Լոնտոն յանձնառու կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան:

 

Նախորդը

Ազգային Երկխօսութեան Յաջորդ Նիստը` 20 Ապրիլին

Յաջորդը

54 Քոնկրեսականներ Կոչ Կ՛ուղղեն Օպամային Ճնշում Բանեցնելու Ալիեւի Վրայ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.