Լիբանանի կուսակցութիւններու համախմբումը երէկ իր ընթացիկ նիստը գումարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Սին Էլ Ֆիլի կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի յարձակումին` համախմբումը կոչ ուղղեց անմիջապէս կասեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ազրպէյճանական յարձակումները` ընդգծելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Համախմբումին համաձայն, այդ տագնապին խաղաղ լուծումը պիտի ընդհատէ շրջանին մէջ լարուածութիւնը սրելու թրքական-իսրայէլեան ծրագիրները, որոնք կը հետապնդեն սահմանային ընդարձակման նպատակներ:


