Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանան միլիառաւոր տոլարներու վնասներ կրած է Սուրիոյ տագնապին պատճառով, ինչպէս նաեւ սկսած է տառապիլ անգործութեան բարձր համեմատութենէ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Զայէտ Պատրէտտինի հետ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը երաշխիքն է Լիբանանի բոլոր հարցերուն լուծման:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր որոշեց Մընիէի հիւանդանոցը զրկել աշխատանքի իր արտօնագիրէն` նկատի ունենալով, որ այդ հիւանդանոցը գործելու նուազագոյն չափանիշները չ՛ամբողջացներ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին առումով որեւէ լուծում իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն հարցով Լիբանանի խոստացուած միջազգային օժանդակութեան միայն 40 առ հարիւրը հասած է Լիբանան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կոչ ուղղեց պետական անվտանգութեան կառոյցը աշխուժացնելու եւ անոր դէմ հաստատուած նիւթական շրջափակումին վերջ տալու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը արագ կերպով գոյացած լուծում մըն է, հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ երկրին վարչակարգը բարեկարգուի ընտրական արդի օրէնքի մը մշակումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը Իրանի հակակշիռին տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Իրան օրըստօրէ յաւելեալ ճնշում կը բանեցնէ նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու իմաստով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին ստորագրութենէն ի վեր նախագահական ընտրութեան վերաբերող օրինականութիւնը չէ յարգուած:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ ցուցաբերուած մերժումը` համամասնական դրութեամբ մշակուելիք ընտրական օրէնքին նկատմամբ, պատճառ պիտի դառնայ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները դարձեալ կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ Իրանի հետ իր ստեղծած դաշինքին առումով Ռուսիա կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են մասնակցելու անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան խորհրդարանի նիստերուն: Ան շեշտեց, որ իրենք մնայուն կերպով կը գործակցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի եւ Զինուորական ատեանի դատախազ Խալիլ Իպրահիմի յայտնեց, որ Աշրաֆ Ռիֆիի արդարութեան նախարար դառնալէն ետք դատական երկու հարցեր, որոնք կը վերաբերին Պշարա Նժէյմի եւ Մոհամետ Ռաֆիհիի, փակուած են` աւելցնելով, որ անոնք վտանգաւոր թղթածրարներ են եւ պէտք է վերաբացուին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Մոսկուա այցելութիւնը ռուսական վարչակազմին կողմէ որդեգրուած նախաքայլն է` Լիբանանի նախագահական աթոռի թափուր իրավիճակին վերջ տալու:

 

 

Նախորդը

Քերրի-Էրտողան Կարճատեւ Հանդիպում

Յաջորդը

Հարիրի. «Լիբանան Կը Ջանայ Իրանի Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Մշակել, Սակայն Ան Պէտք Է Վերջ Տայ Լիբանանեան Ներքին Հարցերուն Միջամուխ Դառնալուն»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.