Լեռնային Ղարաբաղի սահմանային գիծին վրայ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն յաջորդած զինադուլին լոյսին տակ, «Էյ. Էն. Պի.» կայանը հրաւիրեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանը, իսկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը` Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանը, որոնք բացատրեցին դէպքին եղելութիւնը, Ազրպէյճանի կողմէ գործուած վերջին յարձակումները` պատմական ակնարկ մը կատարելով Արցախի մասին:
Կիտանեան եւ Եագուպեան յայտնեցին, որ 1994-ի զինադուլէն ի վեր Ազրպէյճան մնայուն կերպով եղած է նախայարձակ եւ բազմիցս խախտած է զինադուլը, սակայն վերջին յարձակումը եղած է լայնածաւալ ու ամէնէն վտանգաւորը` յատկապէս նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացայայտ զօրակցութիւնը Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան:
Անոնք աւելցուցին, որ իր կատարած իւրաքանչիւր անխոհեմ քայլին դիմաց Ազրպէյճան հայկական կողմէն ստացած է զօրաւոր հակահարուած` կորսնցնելով յաւելեալ տարածք:
Հարցազրոյցին աւարտին Աւօ Կիտանեան եւ Վերա Եագուպեան ընդգծեցին, որ անկարելի է վերադառնալ 1988-էն առաջ տիրող կարգավիճակին` հաստատելով, որ ասիկա Լեռնային Ղարաբաղի իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին համար արդար պայքար է, հողային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնորոշման համար մղուող պայքար է: