
Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, ուրբաթ երեկոյեան մեկնեցաւ Երեւան, ուր Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամի անունով Լիբանանը ներկայացուց:
Այս առիթով նախարար Քազզի մասնակցեցաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային Բ. համաժողովին:
Աշխատանքի նախարարը նաեւ այս առիթով զանազան հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի վարիչներուն հետ: