Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Նիւ Եորք. Նապի Շիթի Մէջ Թռչնակրիփի Ժահրով Վարակում

Ապրիլ 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

H5N1_42116

Այն միջոցին, երբ վարչապետ Թամմամ Սալամ մեկնեցաւ Նիւ Եորք` Լիբանանի անունով իր խօսքը արտասանելու կենսոլորտի «Փարիզի համաձայնագիր»-ի կնքումի արարողութեան ընթացքին, նոյն ատեն Լիբանանի մէջ թռչնակրիփի ժահրի վարակումը կանխարգիլող պատուաստներ ցրուեցան:

Արդարեւ, Պեքաայի Նեպի Շիթ աւանին մէջ երէկ յատուկ փոս մը փորուեցաւ, որուն մէջ կուտակուեցան աւելի քան քսան հազար սատկեցուած թռչուններ (ըստ «Ժատիտ» կայանին, 35 հազար): Բանակը, առողջապահութեան նախարարութիւնը, շրջանի քաղաքապետութիւնը եւ պատկան մարմիններ գործակցաբար ջանացին առաւելագոյն չափով չքացնել թռչնակրիփի «Էյչ.5» ժահրի վարակման վտանգը: Անցնող 48 ժամերուն յատուկ դեղեր եւ պատուաստներ ցրուեցան շրջանի բնակչութեան:

Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ մամլոյ ասուլիս մը տալով հանգստացուց քաղաքացիները` ընդգծելով, որ վտանգը կարելի եղած է շրջանցել եւ թէ անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրուած են այս գծով:

Ըստ «Օ. Թի. Վի.» կայանին, թռչնակրիփի («Էյչ.5») ժահրը Լիբանան հասած է Սուրիոյ ճամբով ապօրինի ձեւով Լիբանան ներմուծուող ապրանքներուն միջոցով:

Առողջապահութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ուալիտ Ամմար իր կարգին հանգստացուց քաղաքացիները, թէ անհրաժեշտ բուժարար պատուաստները մատչելի են: Ան աւելցուց նաեւ, թէ թռչնակրիփի ժահրը կրնայ դիւրութեամբ թռչուններէն մարդոց փոխանցուիլ, սակայն մարդոց միջեւ փոխանցումը ցարդ անորոշ է: Իբրեւ ազդանշան` տաքութիւն, փորքշուք, գլխացաւ, փորի եւ մկաններու ցաւ, կոկորդի բորբոքում, սուր շնչահեղձութիւն ունեցողը կրնայ վարակուած ըլլալ:

 

 

Նախորդը

Եազիժի Եւ Իպրահիմ Եպիսկոպոսներու Առեւանգման Երրորդ Տարելիցին Առիթով. Յատուկ Պատարագ` Պալամանտի Աստուածամօր Վանքին Մէջ

Յաջորդը

Պահանջելով Հայոց Բռնախլուած Իրաւունքներու Հատուցումը. Լիբանանեան Ազգային Ուժերու Եւ Կուսակցութեանց Հանդիպումը Դատապարտեց Թուրք-Թուրանական-Սիոնական Զօրակցութիւնը Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?