
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտ նախագահեց ապահովական եւ դատական նախարարական նիստի մը` մասնակցութեամբ պատկան նախարարներուն եւ առնչակից պատասխանատուներուն:
Սալամ նաեւ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպաններն ու այլ դիւանագէտներ:
Այս առիթով վարչապետ Սալամ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Լիբանանի ապահովական վիճակի կայունութեան գծով, «հակառակ տիրող քաղաքական տագնապներուն»: Սալամ օտար դիւանագէտներու, յատկապէս Ծոցի երկիրներու դեսպաններու ներկայութիւնն ու զօրակցութեան պատրաստակամութիւնը վկայակոչեց` իբրեւ Լիբանանի տնտեսութեան գործառնութեանց եւ շահարկումներու վստահութիւն ներշնչող երկիր ըլլալու հանգամանքը: Ան ընդգծեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, Լիբանան պիտի յաջողի յաղթահարել զանոնք եւ յառաջդիմել:


