
Հալէպի եւ Ալեքսանտրէթի եւ մերձակայքի յոյն ուղղափառ առաջնորդ Պուլոս Եազիժի եւ Հալէպի ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն առեւանգման երրորդ տարելիցին առիթով պատարագ մատուցուեցաւ երէկ` Պալամանտի Աստուածամօր վանքին մէջ:
Պատարագին ընթացքին արտասանուած խօսքերն ու քարոզները շեշտեցին այս երկրին եւ հաւատքին կառչած մնալու վճռակամութիւնը` միաժամանակ դատապարտելով երկու եպիսկոպոսներուն առեւանգման գծով կողմերու ահաւոր լռութիւնը:


