Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաարուֆ Համիէ Իր Զաւկին Վրէժը Կը Լուծէ Սպաննելով Հիւսէյն Հուժէյրին

Մայիս 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

huseyn_hujeyri_52416f

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած եւ ապա սպաննուած բանակային Մոհամետ Համիէի հայրը` Մաարուֆ Համիէ երէկ սպաննեց Հիւսէյն Հուժէյրին` լուծելով իր զաւկին վրէժը:

22-ամեայ Հիւսէյն Հուժէյրի, որ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիի (Ապու Թաքիէ) եղբօրորդին է, սպաննուած գտնուեցաւ Թարայայի մէջ, Մոհամետ Համիէի դամբարանին վրայ:

Հիւսէյն Հուժէյրիի հայրը` Արսալի նախկին թաղապետ Մոհամետ Հիւժէյրի յայտնեց, որ իր զաւակը քաղաքականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի` աւելցնելով, որ իր զաւակը սպաննող ոճրագործը յայտնի է եւ պէտք է զայն ձերբակալել:

Մոհամետ Հուժէյրի շեշտեց, որ ինք առաջին անձն էր, որ դատապարտած էր Մոհամետ Համիէի սպանութիւնը` հարց տալով, որ այդպէ՞ս կը պատասխանեն իր մարդկային կեցուածքին:

Մոհամետ Համիէի հայրը` Մաարուֆ Համիէ հաստատեց, որ ինք լուծած է իր զաւիկն վրէժը` նշելով, որ ինք պետութեան տրամադրութեան տակ է, սակայն տակաւին կան Ապու Թաքիէն եւ անոր զաւակները, Արսալի նախկին քաղաքապետ Ալի Հուժէյրին (Ապու Աժինէ) եւ անոր զաւակները, ինչպէս նաեւ նախկին թաղապետ Ալի Հուժէյրին, որոնց սպանութենէն ետք միայն ինք անձնատուր պիտի ըլլայ պետութեան:

Արսալի նորընտիր քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի նշեց, որ այսօրուան պատահարը խստիւ դատապարտելի է` ընդգծելով, որ անիկա բառին բուն իմաստով ոճիր է:

Ան կոչ ուղղեց պետութեան իր պարտականութիւնները ստանձնելու:

Նշենք, որ Թարայայի մէջ կացութիւնը մինչեւ ուշ երեկոյ մնաց լարուած, եւ ապահովութեան ուժերը գիւղաքաղաքին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին:

Հարկ է աւելցնել, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն Սամեհ Պրայտին:

ԵՐԷԿ յետմիջօրէին ապահովութեան ուժերը Ուատի Զէյնայի մէջ վնասազերծեցին ական մը, որ զետեղուած էր Հիւսէյն Մաքտահի ինքնաշարժին վրայ: Նշենք, որ Հիւսէյն Մաքտահ զաւակն է Լիբանանի մէջ պաղեստինեան զինեալ միացեալ ուժերու պատասխանատու Մունիր Մաքտահի:

Նախորդը

«Պիտի Աշխատինք Բոլոր Միջոցներով Բացայայտել Առեւանգուած Բանակայիններուն Ճակատագիրը Եւ Զանոնք Ազատ Արձակել» Ընդգծեց Զօր. Քահուաժի

Յաջորդը

Ժաաֆարի. «Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչական Զինեալները Կը Գործեն Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ Եւ Քաթարի Թելադրանքով»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?