Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Շարունակենք Կառչած Մնալ Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ Մեր Որդեգրած Չէզոք Քաղաքականութեան» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

May 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

basil_didie_52416

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրքհալթերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Զուիցերիա բարձր վարկ կը վայելէ` աւելցնելով, որ անոր պատմութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է ժողովրդավարութեան:

«Կը շարունակենք կառչած մնալ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ մեր որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան` առանց ուրանալու Լիբանանի վրայ այդ տագնապին ունեցած քանդիչ հետեւանքները», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ չէզոք մնալու քաղաքականութիւնը որդեգրելու գաղափարը ոչինչէ չի ծնիր, սակայն կը հիմնուի ներքին համախոհութեան վրայ, որ ուղղակի կապուած է վարչակարգին: Ահաբեկչութիւնը այսօր կը հարուածէ Պէյրութը, Փարիզը եւ Պրիւքսէլը, առանց անոնց միջեւ խտրութեան: Ինչպէ՞ս կրնանք չէզոք մնալ, երբ ահաբեկչութիւնը կը քայքայէ մեր ընկերութիւնները` աւելցնելով, որ չէզոք ըլլալու փոխարէն իրենք պէտք է աշխատին:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի համար գաղթականներուն թղթածրարը լուրջ հարց է` աւելցնելով, որ բաղդատած իր տարածութեան, Լիբանան մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ կը դիմաւորէ, եւ հակառակ Սուրիոյ իրավիճակին բարելաւումին, գաղթականները ուղղակի իրենց երկիրը պիտի չմեկնին:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք միջազգային ընտանիքին` անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար եւ կոչ կ՛ուղղենք անոր ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները եւ ամրապնդելու մարդկային սկզբունքները», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Պուրքհալթեր յայտնեց, որ Զուիցերիա հիացած է գոյատեւելու  Լիբանանի կարողութեամբ, հակառակ շրջանին դիմագրաւած հսկայական տագնապներուն:

Ան նաեւ շեշտեց, որ ինք կը հասկնայ եւ մեծապէս կը գնահատէ լիբանանցիներուն գոյատեւելու կամքը:

Ան նաեւ նշեց, որ Զուիցերիա ահաբեկչութեան նկատմամբ չէզոք կեցուածք ունեցող երկիր մը չէ, սակայն ան երկու պետութիւններու միջեւ պատերազմի միջամուխ չի դառնար:

Պուրքհալթեր հաստատեց, որ իրենց չէզոքութիւնը կը բացատրուի երկիրներուն, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ կատարուած օժանդակութիւններով եւ խաղաղութեան հաստատման ճիգերով:

Զուիցերիոյ դիւանագիտութեան պետը նկատել տուաւ, որ ինք Լիբանան այցելած է ստուգելու համար Լիբանանի մէջ իրենց հովանաւորած ծրագիրները` աւելցնելով, որ Զուիցերիոյ նպատակն է տագնապալի շրջաններուն մէջ ապրող երիտասարդութեան համար յատուկ ծրագիրներ ստեղծել:

Պուրքհալթեր ողջունեց Զուիցերիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու լիբանանեան կամքը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց գործադրելու երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, որուն լոյսին տակ պիտի մշակուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ծրագիրներ:

 

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Պապին Եւ Ազհարի Շէյխին Հանդիպումը Կ՛ամրապնդէ Կրօններուն Միջեւ Երկխօսութիւնը Եւ Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան Դէմ Յարմար Պատասխան Մըն Է»

Յաջորդը

«Պիտի Աշխատինք Բոլոր Միջոցներով Բացայայտել Առեւանգուած Բանակայիններուն Ճակատագիրը Եւ Զանոնք Ազատ Արձակել» Ընդգծեց Զօր. Քահուաժի

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.