
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մուաուատ ընտանիքին հետ երկխօսութիւնը սկսած է Թոնի Ֆրենժիէի եւ Միշել Մուաուատի միջեւ շուրջ տարի մը առաջ եւ յանգած է քաղաքապետական ընտրութիւններու շրջագիծին մէջ համախոհութեան մը գոյացումին:
Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքապետական ընտրապայքարին բնոյթը պէտք է ունենայ բարգաւաճման բնոյթ` յոյս յայտնելով, որ մարդիկ այդ համախոհութիւնը գնահատեն` ի նպաստ անոր քուէարկելով:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան պարագային Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իրենց հարցին` Ֆրենժիէ ըսաւ. «Զօր. Աունի հետ մեր հարցը այն չէ, որ ան առաջինն է, այլ այն, որ ան միակն է»:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ինք նախագահական ընտրութիւնը չի խոչընդոտեր` հաստատելով, որ ինք զօր. Աունը յուսախաբ չի դարձներ, եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի զօրակցի անոր:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ քաղաքական իր ուղեգիծին` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն են Սաատ Հարիրին վարչապետ նշանակելու իմաստով, սակայն անհրաժեշտ է այդ իմաստով երկարաժամկէտ համաձայնութիւն մը ստորագրել:


