Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Աշխատինք Բոլոր Միջոցներով Բացայայտել Առեւանգուած Բանակայիններուն Ճակատագիրը Եւ Զանոնք Ազատ Արձակել» Ընդգծեց Զօր. Քահուաժի

Մայիս 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jean_kahwaji_52416

Հարաւային Լիբանանի ազատագրման 16-ամեակին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ յայտնեց, որ բանակը յանձնառու կը մնայ ամէն ջանք եւ բոլոր միջոցները ի գործ դնելու` բացայայտելու համար առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ զանոնք ազատ արձակելու:

Զօր. Քահուաժի ողջունեց լիբանանեան բանակի բոլոր նահատակներուն ընտանիքները` շեշտելով, որ անոնց զաւակներն ու հարազատները նահատակուեցան պահպանելու համար Լիբանանը: «Իսկ մենք կը վերանորոգենք մեր ուխտը` բանակի պատիւին, զոհողութեան եւ հաւատարմութեան փարոսը պահելու իմաստով», շեշտեց զօր. Քահուաժի:

Ան նշեց, որ հարաւի ազատագրումին տարեդարձը այս տարի կը զուգադիպի նախագահական թափուր աթոռ ունենալու երկրորդ տարուան: Ան աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը ժողովուրդին եւ երկրին միասնութեան խորհրդանիշն է` հաստատելով, որ բանակը մնայուն կերպով փաստած է իր կարողութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը երաշխաւորելու առումով:

«Դուք, գործակցելով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ, պահպանեցիք հարաւային Լիբանանի սահմաններուն կայունութիւնը` հսկելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ  ներքին լիբանանեան առումով ու երկրին արեւելեան սահմաններուն վրայ շարունակեցիք  պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ եւ այդ աշխատանքին արդիւնքը քաղեցիք` կանխարգիլելով երկրին դէմ ահաբեկչական յարձակումները»:

Զօր. Քահուաժի կոչ ուղղեց բանակայիններուն իրենց նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը պահպանելու, Լիբանանը պահպանելու` դիմադրելով բոլոր դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու երկրին ժողովրդավարութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

«Կը Շարունակենք Կառչած Մնալ Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ Մեր Որդեգրած Չէզոք Քաղաքականութեան» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

Յաջորդը

Մաարուֆ Համիէ Իր Զաւկին Վրէժը Կը Լուծէ Սպաննելով Հիւսէյն Հուժէյրին

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?