Ընտրական նոր օրէնքի մը հասարակաց տարազին շուրջ տարակարծութեան մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջի քաղաքական մթնոլորտը յատկանշուեցաւ աշխուժ խորհրդակցութիւններով` առնչակից մէկէ աւելի կողմերու միջեւ:
Արդարեւ, հակառակ 15 մայիս 2017-ի մօտալուտ ժամկէտի կարեւորութեան, պատկան կողմերը ցարդ չկրցան համախոհութեան մը յանգիլ, սահմանադրական այս կարեւորագոյն իրագործումի տարազին գծով: Փաստօրէն, մերժելով հանդերձ երկիրը դատարկութեան մատնելու կամ ընթացիկ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգելու փորձանքը` 2008-ի Տոհայի բարեփոխուած օրէնքը (որ վերանայուած տարբերակն է 1960-ի օրէնքին) կը մնայ «երկու չարեաց փոքրագոյնը»: Այլ կողմերու կարծիքով, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի առաջադրած տարազը, որ հիմնականին մէջ հիմնուած է համամասնական տարբերակին վրայ, իր վրայ կեդրոնացուցած է կողմերու մեծամասնութեան ուշադրութիւնը:
Այս մթնոլորտին մէջ, վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց յատուկ ընտրական օրէնքի քննարկման եւ բանաձեւման համար կազմուած նախարարական յանձնախումբի նիստ գումարել վաղը` երեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Հարիրիի այս քայլը կու գայ վերաշխուժացնելու նշեալ յանձնախումբին գործունէութիւնը, նախքան չորեքշաբթի օր նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստը: Դէտեր հաւանական կը նկատեն նախարարաց խորհուրդի արտակարգ նիստի գումարումը հինգշաբթի օր` չորեքշաբթի օրուան նիստին ձախողութեան պարագային:
Այս ծիրին մէջ, քաղաքական կողմեր մետասաներորդ պահուն «անակնկալ նախաձեռնութիւններ» անհաւանական չեն նկատեր առնչակից կողմերէն: Այս հաւանականութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի, յառաջիկայ հինգշաբթի, 11 մայիսի երեկոյեան նախատեսուող Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանելիք ճառին լոյսին տակ:
Կեցուածքներ
Նշեալ անորոշ մթնոլորտի լոյսին տակ, կողմերը շարունակեցին դրսեւորել իրենց կեցուածքները:
Պատկերասփիւռի «Օ. Թի. Վի.» կայանը երէկ իր երեկոյեան լուրերով հաղորդեց, որ առաջադրուող տարազներու ծիրին մէջ կը նախատեսուի սահմանադրական փոփոխութեամբ ծերակոյտի մը ստեղծումը, հաւասար բաժնեկցութեան որդեգրումը «ուղղափառ» տարազին հիմամբ: Ըստ նոյն աղբիւրին, քրիստոնեաներ համաձայն են ընտրական օրէնքի համամասնական տարբերակին` միաժամանակ մերժելով 15-31 մայիսի կամ 20 յունիսի իրերայաջորդ ժամկէտները` առանց գործնական լուծումի յանգելու: «Օ. Թի. Վի.»-ի հետեւած աղբիւրներուն կարծիքով, տիրող լռելեայն տագնապը կը շրջանցէ ընտրական օրէնքի տարազը` ձգտելով հաւասարութիւն գոյացնել քրիստոնեաներու եւ լիբանանեան մնացեալ կողմերուն միջեւ:
Իսկ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդումով` «Ամալ» շարժումի եւ Հըզպալլայի ղեկավարներուն միջեւ ժողովը կը մերժէ խորհրդարանի թէ նախարարաց խորհուրդին մէջ սահմանադրական դատարկութիւնը, նոյնիսկ մէկ օրուան համար:
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյ Վատիկանէն վերադարձին ի միջի այլոց անդրադարձաւ ընտրական օրէնքի հարցին` նշելով, որ «Բոլորը իրենց ձեռքերը սիրտերուն բռնած կը մաղթեն, որ 20 յունիսի ժամկէտին չհասնինք առանց ընտրական օրէնքի»:
Երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ «Էլ. Պի. Սի.»-ին կատարած իր յայտարարութեամբ հանգստացուց, թէ ընտրական նոր օրէնք մը պիտի մշակուի ամբողջական համամասնական տարբերակին հիմամբ` նախքան 20 յունիսի ժամկէտը: