Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արտերկրի Լիբանանցիներու Ներուժը» Դ. Խորհրդաժողով . Նախագահ Աուն Եւ Հարիրի Ստորագրեցին Լիբանանեան Քաղաքացիութիւն Վերստանալու Ա. Հրամանագիրը

Մայիս 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախաձեռնութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, երէկ «Պիել»-ի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արտերկրի լիբանանցիներու ներուժը» խորագիրը կրող Դ. խորհրդաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, դիւանագէտներ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիելէ Քաչիա, տնտեսական, ընկերային եւ տեղեկատուական մարզերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ շուրջ երկու հազար արտերկրի լիբանանցիներ:

Խորհրդաժողովը սկսաւ այլ երկիրներու մէջ բարձր դիրքերու հասած լիբանանցիներուն արտասանած կարճ ուղերձներով, որոնցմէ ետք խօսք առաւ Պասիլ, որ յայտնեց, թէ խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի ստորագրուի լիբանանեան քաղաքացիութիւն վերստանալու հրամանագիրը, որուն լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ նման առաջարկ ներկայացնող արտերկրի լիբանանցիներուն շնորհել իրենց քաղաքացիութիւնը:

Պասիլ անդրադարձաւ լիբանանեան ինքնութիւնը պահպանելու եւ տարբեր երկիրներու մէջ յաջողութիւններ կերտելու արտերկրի լիբանանցիներուն իւրայատկութեան` հաստատելով, որ Լիբանան կը հպարտանայ իր իւրաքանչիւր զաւակին արձանագրած նուաճումով, ուր որ ալ ըլլայ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ քաղաքացիութիւն ստացող լիբանանցիին իրաւունքը ընտրութիւններուն քուէարկութեամբ մասնակցելով չի սահմանափակուիր, այլ` անիկա աւելին է եւ կը հասնի մինչեւ արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող 6 երեսփոխաններ ունենալը խորհրդարանին մէջ:

Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն հետ իր կապը հզօրացնելու իմաստով լիբանանեան պետութեան մշակած ծրագիրներուն, ինչպէս`  «Լեպանոն քոննեքթ», «Արտերկրի լիբանանցիներու տուն», «Լիբանանեա՛նը գնէ», «Ներդրում կատարէ՛ եւ գոյատեւէ՛», «Արտերկրի լիբանանցիին մայրին» եւ այլ ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ տարեկան խորհրդաժողով մը` ընդգծելով, որ արտերկրի լիբանանցիները այս ծրագիրներէն շատ աւելիին արժանի են:

Ապա նախագահ Աուն բարի գալուստ մաղթեց Լիբանան այցելող արտերկրի լիբանանցիներուն` շեշտելով, որ աշխարհի քարտէսին վրայ աշխարհագրական փոքր տարածութիւն ունեցող այս երկիրը աշխուժ ներդրում կ՛ունենայ նոր ընկերութիւններու զարգացման մէջ:

Ան շեշտեց, որ արտագաղթին հետ Լիբանանը ունի ցաւալի եւ երկար պատմութիւն` աւելցնելով, որ արտագաղթին պատճառով ընտանիքներու վճարած զգացական տուրքը ծանր է, յատկապէս երբ ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ իրարմէ  հեռու ապրելու երեւոյթը կը պարտադրուի:

«Հայրենի հողէն բաժնուելու եւ օտար շրջանակներու ու միջավայրի ընտելանալու պարտաւորութիւնը դժուար է, յատկապէս երբ մարդ կը ստիպուի փոխել իր լեզուն, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները», ըսաւ նախագահ Աուն` շեշտելով, որ լիբանանցիներու արտագաղթին հիմնական պատճառը Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական դժուար ու բարդ կացութիւնը եղած է, ինչպէս նաեւ պատերազմն ու տագնապները:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը մնայ բոլոր լիբանանցիներուն հայրենիքը` հաստատելով, որ արտերկրի լիբանանցիները կը մնան Լիբանանի հպարտութիւնը: Նախագահ Աուն աւելցուց, որ արտերկրի լիբանանցիները  պարտին հաւատարիմ մնալ իրենց հայրենիքին, որ կարիքը ունի իրենց օգնութեան` զարգանալու, յառաջդիմելու, բարգաւաճելու եւ կառուցուելու համար:

Ան կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն որեւէ ատեն վերադառնալու Լիբանան եւ պահպանելու լիբանանեան իրենց ինքնութիւնը, պատմութիւնն ու լիբանանեան արմատները:

Ապա նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ստորագրեցին լիբանանեան քաղաքացիութիւն վերստանալու առաջին հրամանագիրը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Արսալի Մէջ Ձերբակալեց Ահաբեկիչ Օմար Հըմայէտը

Յաջորդը

Լիբանանեան Համալսարանի Հիմնադրութեան 66-ամեակին Առիթով . Նախագահ Աուն Լիբանանցի Երիտասարդները Յորդորեց Դառնալ Ազգային Անբիծ Գործի Ռահվիրաները

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?