Լիբանանեան բանակը նախանցեալ գիշեր Արսալի մէջ ձերբակալեց ահաբեկիչ Օմար Հըմայէտը, որ ծանօթ է Թաումալլի կեղծանունով:
Օմար Հըմայէտ 1 փետրուար 2013-ին յարձակում մը գործած էր բանակի զօրամասին դէմ, եւ այդ յարձակումին պատճառով նահատակուած էին բանակայիններ Փիեռ Պաշաալանի եւ Իպրահիմ Զահրաման:
Հըմայէտ փորձած էր գնդակոծել բանակի անկարգելաւորներու խումբը, որ անմիջապէս հակադարձած էր կրակոցներուն եւ ձերբակալած զայն:
Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալեց Ա. Ա. անունով անհատ մը, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ է: