Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետական Անվտանգութեան Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Կը Յայտարարէ Նոր Դարուն Պատշաճող Նոր Ռազմավարութիւն

Մայիս 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կազմակերպեց իր եւ տեղեկատուական մարմիններուն միջեւ ծանօթացման հանդիպում մը, որուն նպատակն էր տնօրէնութեան եւ տեղեկատուական մարզին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել:

Հանդիպումին ընթացքին կատարուեցաւ ընդհանուր ծանօթացում. Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կառոյցով եւ գործունէութեամբ ներկայացուեցաւ տեղեկատուական մարզին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ զրոյց` լրագրողներուն եւ Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի եւ փոխտնօրէն գնդապետ Սամիր Սանանի միջեւ:

Սալիպա յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ապրի նոր շրջան մը` նոր իշխանութեան շրջագիծին մէջ:

Ան ընդգծեց լրատուական միջոցներուն եւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով ապահովութեան եւ տեղեկատուութեան միջեւ թափանցիկութեան կամուրջները ամրապնդելու կարեւորութիւնը: «Շրջանը դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ, եւ մենք ցարդ հեռու ենք մեզ շրջապատող հրդեհներէն», ըսաւ Սալիպա` հաստատելով, որ ապահովական կառոյցներուն եւ տեղեկատուական մարզին միջեւ կատարեալ գործակցութիւնը շատ կարեւոր է, որպէսզի այս ժամանակաշրջանը կարելի ըլլայ նուազագոյն վնասներով շրջանցել:

Սալիպա, ակնարկելով ապահովական այլ կառոյցներուն հետ գործակցութեան, յայտնեց, որ այդ գործակցութիւնը աշխուժացնելու մասին իրենք կատարած են ուսումնասիրութիւն մը, որուն համաձայն գտնուած է վարչապետ Սաատ Հարիրի:

Սալիպա շեշտեց, որ տօնական օրերուն ապահովական խախտումի սպառնալիքներ շրջանառութեան մէջ էին, եւ այդ պատճառով յառաջացաւ գործողութիւններու յատուկ գրասենեակ մը, որուն մաս կազմեցին ապահովական բոլոր կառոյցներուն ներկայացուցիչները, եւ այդպիսով կարելի եղաւ հակակշռել կացութիւնը:

Սալիպա հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հիմնական միջոցը ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնն է:

Սալիպա մանրամասն բացատրեց Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան առաքելութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով այն, որ այդ տնօրէնութիւնը կազմ ու պատրաստ է յարմար առիթին բոլոր լրատուամիջոցներուն ներկայացնելու ստոյգ տեղեկութիւններ:

Հանդիպումին աւարտին Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ռիմա Սայրաֆի յայտնեց, որ հարկ է ապահովական եւ տեղեկատուական մարզերուն միջեւ հաւասար ու պատասխանատու յարաբերութիւն մշակել:

«Տեղեկատուութեան դերակատարութիւնն է տեղեկութիւնները բացայայտել եւ յայտարարել, իսկ ապահովական մարզինը` գաղտնապահ ըլլալ: Իսկ այս երկու դերակատարութիւններուն հաւասարակշռութիւնը կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ զտել այն այն տեղեկութիւնները, որոնք պէտք է բացայայտուին, եւ անջատել միւսները, որոնք պէտք է գաղտնի պահուին», ըսաւ Սայրաֆի:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Պապը Լիբանան Հրաւիրեց

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Ռոտրիկօ Մայայի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Պրազիլ Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?