Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ եւ Կիպրոսի դեսպաններ Հիւկօ Շորթըրն ու Քրիսթինա Ռաֆթին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՊԵՔԱԱՅԻ Քֆարզապատ շրջանին մէջ երէկ կէսօրէ առաջ արձանագրուեցաւ պայթում մը: Այս մասին շրջանառութեան մէջ դրուած նախնական տուեալներուն համաձայն, թէ շուն մը լիբանանեան բանակին կողմէ զետեղուած ականի մը վրայէն անցած է եւ պայթումը այդ պատճառով արձանագրուած է, սակայն աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ պայթումը հետեւանք էր Սուրիոյ կողմէ Լիբանան ինկած հրթիռի մը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ փոփոխութեան եւ բարեկարգումի շրջանը սկսած է պետութեան կազմաւորումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ անկարելի է յուսալ, որ այսօր ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքը եւ ընտրական օրէնքի «որակաւորման» տարբերակը համաձայնութիւն գոյացնելու իմաստով յաջողութիւն կրնան արձանագրել, իսկ անհամաձայնութիւնը մեզ պիտի մղէ դէպի քուէարկութիւն:

ՊԱԱԼՊԵՔԻ մէջ երէկ ընդհանուր գործադուլ մը կատարուեցաւ ապահովական խախտումներուն պատճառով: Այս մասին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սքքարիէ ըսաւ, որ Պաալպեքի մէջ կատարուած գործադուլը լիբանանեան պետութեան ուղղուած պատգամ մըն է` ապահովական ապակայունութիւնը զսպելու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախանցեալ գիշեր Հըզպալլայի մարտիկները Արսալի բարձունքներուն վրայ հրթիռ մը արձակած են ահաբեկիչներու պատկանող պուլտոզըրի մը վրայ  եւ հրկիզած զայն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 100 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը արձանագրած է 100 լ. ոսկիի նուազում:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Ժիպէյլի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ եւ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն երէկ ուղղուեցան Նապաթիէ` ստուգելու եւ քաջալերելու համար ականներու վնասազերծման աշխատանքը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, զինուորական գործողութիւնները Հըզպալլայի կողմէ որդեգրուելիք վերջին ընտրանքներն են` ՏԱՀԵՇ-ը եւ Ժապհաթ Նուսրան լիբանանեան բարձունքներէն ու Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններէն վտարելու իմաստով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան նիստին ընթացքին ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու իմաստով քուէարկութիւն պիտի չկատարուի:

Նախորդը

Իրան Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Օդային Յարձակումները

Յաջորդը

Ռիաշի. «Ազատութիւնը Պէտք Է Պաշտպանել Լրատու Գործակալութիւններուն Ընդմէջէն»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.