«Եթէ Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Չգոյանայ, Ապա Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կը Կատարուին Առկայ Օրէնքով» Շեշտեց Նախագահ Աուն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մամլոյ ակումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի մամլոյ ամբողջական ազատութեան` շեշտելով, որ լրատուութեան մարզը Դ. իշխանութիւնն է եւ ունի իրեն նախորդող երեք իշխանութիւններուն իրաւասութիւնները: «Լրատուութեան մարզը ունի իր բացարձակ ազատութիւնը, որուն երդիքը սակայն ճշմարտութիւնն է, որ ոչ ոք կրնայ շրջանցել», շեշտեց ան: Նախագահ Աուն ըսաւ,...


















