Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն, Նեպիհ Պըրրի Եւ Սէյիտ Նասրալլա Շնորհաւորեցին Ռուհանին

May 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթավերջին շնորհաւորեցին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին` անոր վերընտրութեան առիթով:

Նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց Ռուհանիին` անոր նախագահութեան նոր նստաշրջանի ստանձնումին առիթով:

Ռուհանիին յղած շնորհաւորական իր հեռագիրին մէջ նախագահ Աուն նշեց. «Աշխարհը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ երկխօսութիւն, որուն կոչ ուղղած էիք դուք` շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու եւ շրջանը վտանգներէ հեռու պահելու միտումով»:

Իր կարգին, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահին` նշելով, որ Իրանի նախագահական ընտրութիւնները ժողովրդավարական հարսանիք կարելի է նկատել` հաշուի առնելով ընտրութեան մասնակցողներուն հսկայ համեմատութիւնը, որ ամբողջ աշխարհին մէջ չէ արձանագրուած:

Պըրրի մաղթեց, որ Ռուհանիի վերընտրութեամբ Իրանի բարգաւաճման ծրագիրները շարունակուին, եւ կարելի ըլլայ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատել, պաղեստինեան հարցը լուծել, հիմնելով Պաղեստինը` մայրաքաղաք Երուսաղէմով:

Պըրրի յաջողութիւն մաղթեց Ռուհանիին եւ յաւելեալ կայունութիւն ու բարգաւաճում` Իրանի:

Սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց Ռուհանին` հաստատելով, որ Իրանի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած իրանցիներու հսկայ համեմատութիւնը ամբողջ աշխարհին փաստած է Իրանի վեհութիւնը, իրանցիներուն ազատութիւնը, գիտակցութիւնը եւ գերիշխանութիւնը, «հակառակ անոր շրջակայքը գտնուող այն երկիրներուն, որոնք բռնատիրական են, իրենց ժողովուրդներուն ազատութիւնները կը գերեվարեն, հարստութիւնները կը սեփականացնեն եւ արժանապատուութիւնը կը պղծեն», աւելցուց սէյիտ Նասրալլա:

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիին

Յաջորդը

Անտըրլեխթ` Պելճիքայի Ախոյեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.