Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանին, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան նախարարութեան եւ դեղորայքի պատրաստութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Լուսարձակի տակ առնուեցան Լիբանանի մէջ արտադրուած դեղորայքը Եգիպտոս արտածելու մանրամասնութիւնները, յատկապէս Լիբանանեան-եգիպտական գերագոյն խորհուրդին կողմէ ստորագրած գործակցութեան համաձայնագիրին լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, վարչապետը երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց Լիթանի գետի ապականումին հարցը քննարկող նախարարական յանձնախումբի նիստին` շեշտելով, որ Լիթանիի ապականումին վերջ տալու հարցը իրեն համար առաջնահերթութիւն է:
Նշենք, որ Հարիրի պետական հաստատութիւններու ընդհանուր տնօրէնութիւններէն եւ քաղաքապետարաններէն ու քաղաքապետարաններու համադաշնակցութիւններէն պահանջեց, որ նուիրատուութիւններու առաջարկներ ստանալու պարագային, այդ առաջարկին մասին նախարարաց խորհուրդը տեղեակ չպահեն:



