Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Կիտանեան Լէյլա Սոլհի Հետ Կը Ստորագրէ Նախարարութեան Ապակեայ Սրահը Նորոգելու Համաձայնագիր Մը

Մայիս 23, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Ուալիտ պըն Թալալ»-ի անուան բարեսիրական միութեան նախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէի հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ միութիւնը պիտի ստանձնէ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ապակեայ սրահին նորոգութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ սրահին  «Լէյլա Սոլհ Համատէ» անուանումը:

Համաձայնագիրին ստորագրութեան ընթացքին Սոլհ ողջունեց նախարար Կիտանեանն ու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքը:

Իր խօսքը ուղղելով նախարար Կիտանեանին` Լէյլա Սոլհ ըսաւ. «Զբօսաշրջութեան նախարարութիւն այցելութեանս առիթով կ՛ողջունեմ հայրենասիրութիւնդ, հակառակ անոնց, որոնք մեղադրեցին քեզ` հայրենասէր ըլլալուդ համար: Եթէ հայրենասէր չըլլայիր եւ զգացումներդ անկեղծ չըլլային, ապա նման կերպով չէիր կրնար արտայայտուիլ: Իսկ եթէ հայ ժողովուրդին մօտ հայրենասիրութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը գոյութիւն չունենար, ապա ան չէր կրնար վերատիրանալ Հայաստանին եւ չէր կրնար պահպանել իր պատկանելիութիւնը, ինքնութիւնն ու աւանդները: Դուք Լիբանանի մէջ հայկական ձեր իւրայատկութիւններն ու աւանդները պահպանած էք: Ես կը փափաքիմ, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի այդ զգացումը ունենայ եւ լիբանանեան իր ինքնութեան ու պատկանելիութեան մասին մտածէ: Այս զգացումը ի յայտ եկած է 1943-ին, երբ քրիստոնեան կը մտածէր, թէ Ֆրանսա պիտի պաշտպանէ զինք, իսկ իսլամը կը փափաքէր կապուիլ Սուրիոյ, այն ատեն ի յայտ եկան Պշարա Խուրին ու Ռիատ Սոլհը եւ կրցան հիմնել Լիբանան երկիրն ու արթնցնել լիբանանեան ազգային զգացումները: Կը մաղթեմ, որ լիբանանցին դարձեալ իր լիբանանեան ազգային զգացումներով եւ ուղղուածութեամբ մտածէ ու գործէ, որպէսզի ձեր նման ըլլայ եւ կարենայ վերադարձնել Լիբանանը, որ ինծի համար կորսուած է», շեշտեց Սոլհ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Կիտանեանին` նախարարութեան ապակեայ սրահը նորոգելու առաջարկին համար, հաստատելով, որ այդ սրահը իր մօտ երիտասարդութեան յուշեր կ՛արթնցնէ` նկատի ունենալով, որ ինք Զբօսաշրջութեան ազգային խորհուրդին անդամակցելու իր առաջին պաշտօնը ստանձնած է այս նոյն սրահին մէջ:

Իր կարգին, Ա. Կիտանեան ողջունեց Լէյլա Սոլհը եւ անոր ազգային դերակատարութիւնը: «Նկատի ունենալով, որ ձեր աշխատանքը սկսած էք այս սրահէն, ապա ձեր եւ նախարարութեան փափաքը հաւասարապէս իրականացուցած կ՛ըլլանք` այս սրահը նորոգելով եւ զայն ձեր անունով կոչելով», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լէյլա Սոլհ Համատէին` անոր ի գործ դրած բոլոր ջանքերուն համար, շեշտելով, որ լիբանանահայութիւնը քաջածանօթ է Սոլհի լայն սրտին եւ մօտէն կը հետեւի անոր կատարած մարդասիրական բոլոր օժանդակութիւններուն, ըլլան անոնք յայտարարուած թէ գաղտնօրէն իրագործուած:

«Ի վերջոյ մենք լիբանանցիներ ենք, Լիբանանը մեր վերջնական հայրենիքն է, իսկ հայկական պատկանելիութեան մեր կապուածութիւնը կը մնայ տիրական, որովհետեւ մենք անիրաւուած ենք ու հալածուած եւ կը մնանք Հայ դատին` անլոյծ մնացած մեծ Դատին զաւակները», ընդգծեց նախարար Կիտանեան:

Համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք նախարար Կիտանեան, Լէյլա Սոլհ եւ Նատա Սարտուք շրջեցան ապակեայ սրահին մէջ` խորհրդակցելով անոր նորոգութեան մանրամասնութիւններուն եւ հաւանական առաջարկներուն մասին:

Էհմեժի Զբօսաշրջական Փառատօնի Մեկնարկ

Նախարար Կիտանեան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնարկը կատարեց Էհմեժի զբօսաշրջական փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ 17-20 օգոստոսին:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ Ժիպէյլի Էհմեժ շրջանի քաղաքապետութիւնը 7-րդ տարին է, որ կը կազմակերպէ զբօսաշրջական այս փառատօնը` յայտնելով, որ այս ամառ նախորդ տարիներէն տարբեր պիտի ըլլայ զբօսաշրջական առումով:

«Հանրապետութեան նախագահին ընտրութենէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք, Լիբանան դարձած է զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը գրաւող երկիր», ըսաւ ան` շեշտելով քաղաքականութիւնը զբօսաշրջութենէն հեռու պահելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ հակառակը կատարելու պարագային զբօսաշրջութիւնը կը վնասէ:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանանը Արեւելքի փարոսն է եւ աշխարհի մարգարիտը` նկատի ունենալով Լիբանանի վայելած ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւնը:

«Նախորդ տարիներուն հետ բաղդատելով, Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը մեծ պիտի ըլլայ, եւ ասիկա դրական երեւոյթ է», յայտնեց նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ Ծոցի երկիրներու համագործակցութենէն եւ եւրոպացի դեսպաններէ իմացած է, թէ ամրան ընթացքին իրենց քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութեան իմաստով արգելքներ գոյութիւն չունին:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի կազմակերպէ խորհրդաժողով մը, որուն 48 երկիրներէ պիտի մասնակցին 150 ընկերութիւններ, որոնք պիտի շեշտեն, թէ ոչ ոք մտավախութիւն ունի Լիբանան այցելելու եւ հաստատելու, որ Լիբանան կը գտնուի 2017-ի ամրան զբօսաշրջական լաւագոյն սակերը ունեցող աշխարհի առաջին 25 երկիրներու շարքին:

Նախարար Կիտանեան մաղթեց, որ զբօսաշրջական փառատօները յաջող ընթանան:

Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ Էհմեժի գեղեցիկ բնութեան եւ յատկապէս հոն տիրող միասնականութեան` շեշտելով, որ անիկա լաւագոյն պատկերն է, որ կարելի է զբօսաշրջութեան ընդմէջէն տալ Լիբանանին:

2017-ի Զահլէի Միջազգային Փառատօնի
Պաշտօնական Յայտարարութիւն

Զբօսաշրջութեան նախարարը Զահլէի «Քատիրի» պանդոկին մէջ Զահլէի միջազգային փառատօնի յանձնախումբի նախագահ Միրիամ Սքաֆի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին բացումը կատարեց 2017-ի Զահլէի միջազգային փառատօնին, որ պիտի սկսի 15 յուլիսին, աշխարհահռչակ թենոր Խոսէ Քարերասի ելոյթով:

Մինչ Սքաֆ ներկայացուց 2017-ի Զահլէի միջազգային փառատօնին յայտագիրը, նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանան կը սպասէ զբօսաշրջական աշխուժ ամառ մը` նշելով, որ յուլիս եւ օգոստոս ամսուան համար պանդոկներու ապահովումը հասած է 60 առ հարիւրի:

Նախարար Կիտանեան բարձր գնահատեց Զահլէի միջազգային փառատօնը` լուսարձակի տակ առնելով Զահլէի ներկայացուցած պատմական կշիռը:

Ան յոյս յայտնեց, որ Զահլէի միջազգային փառատօնը ներդրում ունենայ Լիբանանի եւ ի մասնաւորի Զահլէի մէջ զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու աշխատանքին մէջ:

Ամշիթէն Պատուիրակութիւն Մը Կ՛այցելէ
Նախարար Կիտանեանի

Նախարար Կիտանեան երէկ յետմիջօրէին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ամշիթէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Ամշիթի քաղաքապետ Անթուան Իսայի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Ամշիթի միջազգային փառատօնի յանձնախումբի նախագահ Ճօ Եունան, ինչպէս նաեւ լրագրողներ Թոնի Խալիֆէ Զիատ Ուաքիմ եւ այլ պատասխանատուներ:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախարար Կիտանեանէն խնդրեց հովանաւորել Ամշիթի միջազգային փառատօնը, որ պիտի սկսի 23 օգոստոսին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 27 օգոստոս:

Նախարար Կիտանեան ողջունեց պատուիրակութեան առաջարկը եւ քաջալերեց զայն` յաջողցնելու այդ փառատօնը` դիտել տալով, որ փառատօները կ՛ամրապնդեն զբօսաշրջութեան զարթօնքը:

«Ամալին» Զբօսաշրջական Համալիրի Բացում

Նախարար Կիտանեան երէկ Արեւմտեան Պեքաայի «Քասքատա մոլ»-ին մէջ բացումը կատարեց «Ամալին» զբօսաշրջական համալիրին` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Անթուան Սաատի, Ամին Ուեհպէի, Թոնի Ապու Խաթերի եւ Շանթ Չինչինեանի, նախկին երեսփոխան Սելիմ Աունի եւ քաղաքապետներու, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական համադաշնակցութեանց նախագահներու:

Այս առիթով, նախարար Կիտանեան իր յանձնառութիւնը յայտնեց Պեքաայի մէջ զբօսաշրջական ծրագիրներու գործադրութեան: «Հակառակ տիրող յուսալքումին եւ ոմանց յոռետեսութեան, մենք կ՛ուղղուինք դէպի խոստմնալից զբօսաշրջական եղանակ: Բաղդատած նախորդ տարուան, զբօսաշրջութիւնը 13 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` ներառելով տարբեր երկիրներէ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ», ըսաւ նախարար Կիտանեան:

Ան աւելցուց, որ արաբական երկիրներու հետ լարուած յարաբերութիւններու սառցահալէն եւ Լիբանանը արաբական զբօսաշրջութեան քարտէսին վերադարձնելէ ետք, այս տարի Լիբանան այցելող արաբ զբօսաշրջիկներուն թիւը պիտի բարձրանայ:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Մաքրոնը Եւ Դրուատեց Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանեան Բանակին Պայքարը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?