Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատի Վեհաժողովէն Բխած Հաղորդագրութիւնը Ընդվզում Կը Յառաջացնէ

May 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր Ռիատի մէջ տեղի ունեցած ամերիկեան-սէուտական վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանեան պատուիրակութեան կողմէ ոչ մէկ կեցուածք արձանագրելու երեւոյթը եւ վեհաժողովէն ետք Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը Լիբանանի մէջ ընդվզում յառաջացուցին:

Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կատարեց թուիթըրեան գրառում մը, թէ իրենք տեղեակ չէին Ռիատի յայտարարութեան մասին եւ տեղեկացուած էին, թէ վեհաժողովէն եզրափակիչ հաղորդագրութիւն պիտի չհրապարակուի: «Մենք օդանաւին մէջ անակնկալի մատնուեցանք այդ հաղորդագրութեան հրապարակումով եւ անոր բովանդակութեամբ», գրեց Պասիլ` աւելցնելով հետեւեալը. «Լիբանան հասնելէ ետք, մենք կը հաստատենք նախագահական երդման եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին, ինչպէս նաեւ Լիբանանը օտարներու հարցերէն հեռու պահելու մեր քաղաքականութեան կառչածութիւնը»:

Պասիլի գրառումը խստիւ քննադատուեցաւ Դիմադրութեան համակիրներուն կողմէ, իսկ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Պասիլին պատասխանեց հետեւեալ գրառումով. «Վկայ մը, որ ոչինչ տեսած է»:

Միւս կողմէ, սակայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ Ռիատ մնաց, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանի փոխանորդ, վարչապետի Բ. տեղակալ եւ պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:

Հաղորդագրութեան եւ Հըզպալլան ահաբեկիչ նկատելու սէուտական-ամերիկեան կեցուածքին մասին վարչապետ Հարիրի ոչինչ յայտարարեց:

Նշենք, որ կառավարութիւնը վաղը պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին օրակարգէ դուրս պիտի քննարկուի նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն վերանշանակելու հաւանականութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Մաքրոնը Եւ Դրուատեց Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանեան Բանակին Պայքարը

Յաջորդը

Անդրադառնալով Էրտողանի Թիկնապահերուն` Խաղաղ Ցուցարարներու Դէմ Կատարած Յարձակումին. Թիլըրսըն. «Այս Բոլորը Կարելի Չէ Այսքան Դիւրին Ընդունիլ, Սակայն…»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.