Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի միջեւ ամէնօրեայ դրութեամբ խորհրդակցութիւն կը կատարուի: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները կ՛ուղղուին երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու սեպտեմբեր կամ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին` հիմնուելով համամասնական դրութեան վրայ, տասը ընտրաշրջաններու մէջ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց շարունակելու երկխօսութիւնը եւ յանգելու ընտրական նոր օրէնքի մը:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրական օրէնքի մը յանգիլ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան նշեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը չյանգելու պարագային առկայ է երեք հաւանականութիւն` խորհրդարանի թափուր դրութիւն, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգում եւ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ 20 յունիսէն ետք ընտրական նոր օրէնք մը պիտի վաւերացուի:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ շեշտեց, որ պէտք է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ զգուշացուց ընտրական օրէնքներու պատրուակով կատարուած այն յայտարարութիւններէն, որոնք համայնքային խտրութիւն կը սփռեն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի խորհրդարանի թափուր դրութիւն, որուն ընդմէջէն դէպի 1960-ի ընտրական օրէնք եւ անոր ընդմէջէն` դէպի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգում: Ժեմայէլ հաստատեց, որ պէտք է մշակել ընտրական օրէնք մը, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի կարողութիւն կը տրամադրէ իր չափին մէջ ներկայացուելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յոյս յայտնեց, որ համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնք մը վաւերացուի եւ նախքան տարեվերջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց ամբողջական համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ քրիստոնէական գոյութիւնը Ա. դարէն սկսած է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:

ՄԱՐՈՒԱՆ Զողպի ընտրուեցաւ Պէյրութի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք ամերիկեան-սէուտական վեհաժողովին պաշտօնական հրաւէրը պէտք էր յղուէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիստինա Լասըն շեշտեց ՄԱԿ-ի թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութեան յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ 25 մայիս 2000-ին Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակը Լիբանանի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային իրականութիւն է:

 

 

 

Նախորդը

Իսլամական-Ամերիկեան Վեհաժողով. «Միջին Արեւելքի Պետութիւնները Պէտք Է Գիտնան, Որ Ամերիկան Իրենց Փոխարէն Թշնամին Պիտի Չճզմէ» Ըսաւ Թրամփ

Յաջորդը

«Ժողովուրդը Մտահոգ Է Եւ Իր Ապագային Նկատմամբ Մտավախութիւններ Կ՛ապրի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?