Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Ընտրական Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Իմաստով Կան Նոր Առաջարկներ, Որոնք Կրնան Հասնիլ Արդիւնքներու»

May 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի ազատագրման եւ Դիմադրութեան տօներուն առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ երեկոյեան  արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանը եւ շրջանը ներկայիս կը դիմագրաւեն իրենց պատմութեան կարեւորագոյն եւ ամէնէն զգայուն փուը:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ երբ Իսրայէլ բռնագրաւեց Լիբանանը, ան կը վայելէր աշխարհին զօրակցութիւնը, «սակայն երբ լիբանանցիները մերժեցին իսրայէլեան բռնագրաւումը, ապա շրջանին մէջ հզօրագոյն բանակը չկրցաւ շարունակել հարաւի մէջ իր կեցութիւնը», ըսաւ ան:

Ան հաստատեց, որ երբ Լիբանանի ազատագրումը սկսաւ, ոչ ոք օժանդակեց Լիբանանին, բացի Իրանէն եւ Սուրիայէն, որոնք միշտ նեցուկ կանգնեցան Դիմադրութեան` Իսրայէլի դէմ անոր մղած պայքարին մէջ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան իշխանութեան երեք պետերուն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ վարչապետ Սելիմ Հըսին, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան հարաւային Լիբանանի ազատագրումին առումով:

«Մեր  յաղթանակը Դիմադրութեան, պետութեան եւ բանակին միջեւ գոյութիւն ունեցող մտերմիկ գործակցութեան շնորհիւ արձանագրուեցաւ», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա բարձր գնահատեց նաեւ Պեքաայի բնակիչներուն եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը` ահաբեկիչներուն դիմադրելու առումով, աւելցնելով, որ եթէ Պեքաայի բնակիչներն ու բանակը արագ չշարժէին, ապա Լիբանան եւս կրնար վերածուիլ Իրաքի եւ Սուրիոյ:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ շրջանին ճակատագիրը կերտողները շրջանի երկիրներուն ժողովուրդներն են:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Արսալի բնակիչներուն եւ կառավարութեան վերջ տալու Արսալի բարձունքներուն վրայ տիրող իրավիճակին:

«Արսալի բարձունքներուն վրայ դիրքաւորուած զինեալները անյոյս վիճակի մատնուած են», ըսաւ ան:

Ներքին լիբանանեան քաղաքականութեան ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա յոյս յայտնեց ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու, դիտել տալով, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով ժամանակը արդէն բաւական նեղ է:

Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու իմաստով կան նոր առաջարկներ, որոնք կրնան հասնիլ արդիւնքներու:

Ակնարկելով սէուտական-ամերիկեան վեհաժողովին` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ Ռիատի վեհաժողովէն բխած տեսակէտները ոչ մէկ հետեւանք պիտի ունենան Լիբանանի վրայ: «Իսկ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կեցուածքը քաջ է, անկեղծ եւ պատասխանատու», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Մէջ Դարձեալ Յարձակում

Յաջորդը

Դեսպան Մկրտչեան Շնորհաւորեց Զօր. Աունը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.