Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Լիբանանցի Ժողովուրդէն Բացի Ոչ Ոք Կրնայ Խորհրդարանին Վրայ Ճնշում Բանեցնել»

Մայիս 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին Այն Թինէի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին նկատել տուաւ, որ երկրին մէջ բարձրացած է աղմուկ մը, թէ Պըրրի 5 յունիսին խորհրդարանը հրաւիրած է օրէնսդրական նիստի մը եւ թէ ան խախտած է սահմանադրութիւնը:

«Ըստ երեւոյթին այս աղմուկը բարձրացնողները մոռցած են 5 յունիսին Իսրայէլի գործած արարքը», ըսաւ ան:

Պըրրի նշեց, որ մինչեւ անցեալ ուրբաթ, 26 մայիսի գիշերը սպասած է` վերահաստատելու համար երէկուան օրէնսդրական նիստին հրաւէրը, որովհետեւ այդ նիստը կայացնելու ոչ մէկ նշոյլ գոյութիւն ունեցած է:

«Այս նպատակով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարեցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` անոր յայտնելով, թէ նիստէն 48 ժամ առաջ պէտք է հրաւէրի վերահաստատում կատարել: Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աունին յայտնեցի նաեւ, թէ համաձայն եմ Լիբանանը 15 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքի տարբերակին, որ առաջադրած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան: Համաձայնութիւն յայտնելուս նպատակն էր քաղաքական ուժերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում կատարել: Նախագահ Աունին հաստատեցի, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը պէտք է գումարուի, ինչպէս նաեւ պէտք է խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի հրաւիրուի: Նոյն մտահոգութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ անոր տեղեկացուցի հանրապետութեան նախագահին հետ արծարծած հարցերուս մասին: Աւելի ուշ, վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ինծի հետ` յայտնելու համար, թէ հանրապետութեան նախագահին յղած է խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջան մը սկսելու շրջաբերականը», ըսաւ Պըրրի:

Անդրադառնալով խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջան հրաւիրելու եւ ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու համար խորհրդարանին վրայ ճնշում բանեցնելու հաւանականութեան` Պըրրի հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդէն բացի ոչ ոք կրնայ խորհրդարանին վրայ ճնշում բանեցնել:

Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին գումարումը սահմանադրական իրաւունք է` աւելցնելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանը երկարելու կամ սահմանափակելու քայլը կարելի է կատարել միայն սահմանադրական յօդուածով, իսկ ներկայ խորհրդարանը իր պաշտօնավարութեան շրջանը կրնայ հանգիստ շարունակել: «Նման կացութիւններ Ֆրանսայի մէջ կրկնուած են մէկէ աւելի անգամներ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նստաշրջաններու գումարման տեւողութիւնը 5 ամիս է, եւ գործադիր իշխանութիւնը չի կրնար շրջաբերականով մը կարճցնել այդ տեւողութիւնը:

«Ես փորձեցի դիւրաւ շրջաբերական մը հրապարակել, սակայն կարելի չեղաւ, եւ ըստ երեւոյթին ես եւ նախագահ Աուն ո՛չ կը գնենք եւ ո՛չ ալ կը վաճառենք: Հետեւաբար 1960-ի ընտրական օրէնքին եւ 15 ընտրաշրջաններէ բաղկացող ընտրական օրէնքին մերժումէն ետք, դարձեալ կապուեցայ երեսփոխան Ատուանին եւ համաձայնութիւն յայտնեցի անոր` Լիբանանը 15 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքի տարբերակին գծով», ըսաւ Պըրրի:

Ան հաստատեց սակայն, որ Լիբանանի մէջ հաշուարկ գոյութիւն չունի, այլ` հաւասարութիւն. խորհրդարանի անդամներուն կէսը իսլամներ են, իսկ միւս կէսը` քրիստոնեաներ: «Իսկ շրջանին մէջ արձանագրուած բոլոր զարգացումները մեզի կը մղեն կառչած մնալու քրիստոնեաներուն: Բայց եւ այնպէս ներկայացուցիչներուն աթոռները այս կամ այն ընտրաշրջանը փոխադրելը մերժելի է` իր ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ, որովհետեւ եթէ քրիստոնեայ երեսփոխաններու աթոռներ պիտի փոխադրուին, ապա շիի համայնքը իր կարգին կրնայ նոյն պահանջը ներկայացնել», յայտնեց ան:

Պըրրի նշեց, որ իրենք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի վերջնական կեցուածքին կը սպասեն, որպէսզի կարենան վաւերացնել ընտրական օրէնքը:

«Հանրապետութեան նախագահը երկրին սահմանադրութեան կը հսկէ ինծի չափ եւ աւելի, եւ մենք կ՛ենթարկուինք սահմանադրութեան», հաստատեց ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ եթէ երեսփոխաններու փոխադրութեան հարց պիտի ծագի, ապա ինք պիտի մերժէ 15 ընտրաշրջաններու ընտրական օրէնքի տարբերակը: «Նախագահ Աունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեանս ընթացքին ես անոր ըսի, թէ մեր յարաբերութիւնները խանգարելու առումով փորձեր կը կատարուին, եւ հաստատեցի, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ եւ վերջ տիրող կացութիւնը նոյնը չէ», եզրափակեց Պըրրի:

Նախորդը

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ. ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Ահաբեկիչներուն Միջեւ Բախումները Կը Սաստկանան` Պատճառելով Մեծ Թիւով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

«Ընտրական Օրէնքին Մասին Խորհրդակցութիւնները Ընթացքի Մէջ Են, Եւ Կը Նախատեսուի, Որ Օրէնքը Նախքան 20 Յունիս Հրապարակուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ.   Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող  Թիւ 4 Եւ Թիւ 9 Նաւթահորերը Հորատելու  Համաձայնագիրի Բարեփոխուած  Տարբերակի Ստորագրութիւն
Լիբանանեան

Վարչապետարանին Մէջ. Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Թիւ 4 Եւ Թիւ 9 Նաւթահորերը Հորատելու Համաձայնագիրի Բարեփոխուած Տարբերակի Ստորագրութիւն

Յունուար 30, 2023
Պըրրի Հալապիի Հետ Կը Քննարկէ  Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր
Լիբանանեան

Պըրրի Հալապիի Հետ Կը Քննարկէ Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր

Յունուար 30, 2023
«Մեր Ճիգերուն Ձախողութեան Պարագային  Լրջօրէն Պիտի Մտածեմ Նախագահական Ընտրութեան  Իմ Թեկնածութիւնս Առաջադրելու Մասին»  Շեշտեց Պասիլ
Լիբանանեան

«Մեր Ճիգերուն Ձախողութեան Պարագային Լրջօրէն Պիտի Մտածեմ Նախագահական Ընտրութեան Իմ Թեկնածութիւնս Առաջադրելու Մասին» Շեշտեց Պասիլ

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In