Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Ռիատ Սալամէն Վերանշանակեց Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ

May 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ռամատանի առիթով իր բարեմաղթութիւնները ուղղած է լիբանանցիներուն, յատկապէս իսլամներուն` մաղթելով, որ անիկա ըլլայ ներողամտութեան եւ օրհնութեան ամիս, որուն ընթացքին կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:

Ռիաշի նշեց, որ Ռիատի մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան առնչութեամբ նախագահ Աուն յայտնած է, թէ այդ հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է խորհրդաժողովին մասնակցող պատասխանատուներուն մեկնումէն ետք` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան գծով Լիբանան կառչած կը մնայ հանրապետութեան նախագահի երդման ճառին եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած տեսակէտներուն:

Ռիաշի յայտնեց, որ նախագահ Աուն լուսարձակի տակ առած է ինքնաշարժներու արկածներուն հետզհետէ աճ արձանագրող թիւը եւ կոչ ուղղած քաղաքացիներուն զգուշանալու:

«Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Ապահովական գերագոյն խորհուրդը նիստի մը հրաւիրեց ուրբաթ օր` քննարկելու համար ռամատանի ընթացքին որդեգրուելիք ապահովական միջոցառումներուն մանրամասնութիւնները», ըսաւ Ռիաշի` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն նախարարաց խորհուրդին ներկայացուցած է նաեւ անցեալ շաբթուան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարութիւն կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Ռիաշի յայտնեց նաեւ, որ վարչապետ Հարիրի շնորհաւորած է լիբանանցիները ռամատանի եւ Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան տօնին առումով` զայն նկատելով հսկայ իրագործում մը, որ իրականացած է լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ եւ թշնամի Իսրայէլին նկատմամբ լիբանանցիներուն որդեգրած միացեալ կեցուածքին շնորհիւ:

«Հարիրի ընդգծեց արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Ռիատի հաղորդագրութեան նկատմամբ իրենք յանձնառու չեն, այլ` նախանձախնդիր կը մնան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին: Հարիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա իրենց կատարած այցելութիւնը առիթ տուած է Սէուտական Արաբիոյ հետ տնտեսական խորհուրդի նիստ մը գումարելու ռամատանի ընթացքին:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն վաւերացնելու ընտրական նոր օրէնք մը», յայտնեց Ռիաշի:

Ռիաշի աւելցուց, որ երէկուան նիստին ընթացքին կառավարութիւնը Ռիատ Սալամէն վերանշանակած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ:

Ռիաշի նաեւ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին նիստը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ` աւելցնելով, որ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգելու իմաստով լուրջ աշխատանք կը տարուի:

Նախորդը

Պըրրի. «Շրջանին Մէջ Տիրող Վտանգաւոր Զարգացումներուն Առընթեր Կոչ Կ՛ուղղեմ Բոլորիդ Ներքին Հարցերը Լուծելու»

Յաջորդը

Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Երիտասարդական Թատերախումբին «Լեոն» Թատերախաղին Ներկայացումը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.