Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Կիտանեան Բացումը Կատարեց «Թրեվըլ Լեպանոն» Ցուցահանդէսին

May 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հինգշաբթի, 25 մայիսին, կազմակերպեց «Վիզիթ Լեպանոն 2017» կոչուող զբօսաշրջութեան միջազգային առաջին խորհրդաժողովը` հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դստեր` Քլոտին Աուն- Ռուքոզի, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի, Զբօսաշրջական հաստատութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքարի, Ճաշարաններու, սրճարաններու եւ զբօսավայրերու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամիի, Ճամբորդական գրասենեակներու սենտիքայի նախագահ Ժան Ապպուտի, զբօսաշրջական շուկայադրում կատարող եւ զբօսաշրջական պտոյտներ կազմակերպող 150 համաշխարհային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:

Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք Սարտուք կատարեց բացման խօսքը` բարձր գնահատելով բոլորին մասնակցութիւնը խորհրդաժողովին:

Ապա իր խօսքը արտասանեց նախարար Կիտանեան, որ հարաւային Լիբանանի ազատագրումին առիթով շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները` բարձր գնահատելով իրենց թափած արեամբ երկիրը ազատագրած նահատակներուն յիշատակը:

Ան նշեց, որ ազատագրումը իրականացած է շնորհիւ Դիմադրութեան, ժողովուրդի կամքին ու հաւատքին, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքին:

Անդրադառնալով զբօսաշրջութեան մարզին` նախարար Կիտանեան մէջբերեց հանգուցեալ լիբանանցի հռչակաւոր արուեստագէտ Ուատիհ Սաֆիի երգերէն «Լիբանան` կտոր մը երկինք»-ը` շեշտելով, որ այսուհետեւ Լիբանան զբօսաշրջական իր փայլքը պիտի չկորսնցնէ:

Ան ընդգծեց, որ 70 երկիրներէ աւելի քան 1000 զբօսաշրջական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ այս խորհրդաժողովին ներկայ ըլլալու փափաքը ցոյց կու տայ Լիբանանի կարեւորութիւնը իբրեւ զբօսաշրջական երկիր:

Ան նշեց, որ նախարարութիւնը իր հայեցողութեամբ 40 երկիրներէ 150 ընկերութիւններ ընտրած է եւ ըստ այնմ կազմակերպած այս խորհրդաժողովը:

«Այս նախաձեռնութիւնը ցոյց կու տայ, որ Լիբանան պարզապէս աշխարհագրական կէտ մը չէ, այլ` քաղաքակրթութիւնները կամրջող եւ մշակոյթները համախմբող, ինչպէս նաեւ պատգամի երկիր, ինչպէս ըսած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան կոչ ուղղեց իշխանութեան երեք պետերուն, բոլոր նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն, հոգեւոր պետերուն, մտաւորականներուն, լրագրողներուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան` գործելու «Լիբանան` կտոր մը երկինք»-ի կարգախօսով, որպէսզի կարելի ըլլայ բարգաւաճեցնել երկրին զբօսաշրջութեան մարզը:

Նշենք, որ խորհրդաժողովը իր աշխատանքները շարունակեց նաեւ երէկ, իսկ շաբաթավերջին` այսօր եւ վաղը, խորհրդաժողովին մասնակիցները պիտի շրջին Լիբանանի զբօսաշրջական վայրերն ու ճաշարանները:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Թրիփոլի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Նախագահեց Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.