Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ միջազգային բարգաւաճման ամերիկեան գործակալութեան տնօրէն Էն Փիթըրսընի, երէկ ձիարշաւարանին մէջ բացումը կատարեց «Թրեվըլ Լեպանոն» ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր «Հոսփիթելիթի սըրվիսըզ» ընկերութեան կողմէ` գործակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան:
Այս առիթով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ նման ցուցահանդէսներ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզը զարգացնելու առումով զօրակցական քայլեր կը նկատուին:
«Վաղը տեղի ունենալիք խորհրդաժողովը, որուն 150 համաշխարհային ընկերութիւններ պիտի մասնակցին, պիտի կարենայ Լիբանանը վերադարձնել զբօսաշրջութեան համաշխարհային քարտէսին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան զբօսաշրջական խոստմնալից ամառ մը պիտի ապրի:



