Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Մուսթաքպալի Հետ Մեր Դաշինքը Պիտի Թարգմանուի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին»

June 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան նոր իշխանութիւնը` գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, նուաճումներ պիտի արձանագրէ` դիմագրաւելով երկրին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:

Պասիլ նշեց, որ իրենք համաձայն գտնուած են խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը ժամանակաւորապէս երկարաձգելու, որպէսզի քաղաքական իսկական բարեկարգում արձանագրեն: «Մենք քաղաքական երկարաձգումը կը մերժենք` հաւատալով թեքնիք երկարաձգումին, որուն ընթացքին քաղաքական կեանքին մէջ բարեկարգումներ պիտի արձանագրուին», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի Ազգային ուխտի եւ անկախութեան հունին մէջ, իսկ լիբանանցիները իրենց ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ իրենց կամքով եւ առանց արտաքին միջամտութեան նախագահական ընտրութիւն կը կատարեն, կառավարութիւն կը կազմեն եւ ընտրական օրէնք կը վաւերացնեն:

«Լիբանան կ՛ապրի զուտ լիբանանեան որոշումի բացառիկ փուլ մը, եւ այդ փուլը կ՛ուզենք վերածել փոխըմբռնումի, ազգային արդիւնաբեր ու բարգաւաճ տնտեսութեան ժամանակաշրջանի, ինչպէս կարելի եղաւ այդ փոխըմբռնումը գործադրել երկրին քաղաքական կեանքին մէջ` յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ քաղաքական իր խմբաւորումը որոշած է նոր էջ մը բանալ եւ բոլոր լարուածութիւններն ու տարակարծութիւնները մէկդի դնել: Ան սպառնաց բացայայտել յաջորդ փուլը խոչընդոտող բոլոր կողմերը` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար պիտի առաջադրէ իսլամ թեկնածուներ: Ան հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր յայտարարութիւնները, թէ ընտրական նոր օրէնքին բովանդակած բոլոր պայմանները սերտուած են ու ճշդուած խորհրդարան իր մուտքը ապահովելու համար: Ան աւելցուց, որ ինք անձամբ զոհողութիւններ կատարած է` ընտրական նոր օրէնքի յաջողութեան ի խնդիր, դիտել տալով, որ ընտրաշրջանի մակարդակին վրայ վարկանշային քուէի դրութիւնը իրեն համար աւելի ձեռնտու էր, քան գաւառի մակարդակին վրայ այդ քուէին սահմանափակումը:

Պասիլ նշեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ ընտրական նոր օրէնքին գործադրութեան պաշտօնավարութեան միայն մէկ շրջանի համար` աւելցնելով, որ ինք պիտի ջանայ ընտրական օրէնքը բարեփոխել յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք:

Պասիլ ընդգծեց, որ իրենց նպատակն է քաղաքացիական պետութեան հիմնումը: Ան նկատել տուաւ, որ Պաապտայի փաստաթուղթը կը փակէ փուլ մը եւ քաղաքական գործակցութեան այլ փուլի մը դռները կը բանայ: «Մենք կը գտնուինք ընտրական օրէնքին շուրջ գոյացուցած մեր համաձայնութիւնը գործադրելու գործնական փուլին մէջ: Մենք կը փափաքինք Լիբանանը վերածել քաղաքացիական պետութեան եւ պէտք է ըստ այնմ որոշենք, թէ ի՛նչ դիմագիծ պիտի ստանայ այդ պետութիւնը», յայտնեց Պասիլ:

Ան աւելցուց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ըլլայ այնպիսի պետութիւն մը, որ լիբանանցիներուն միջեւ հաստատէ հաւասարութիւն եւ աստիճանաբար ուղղուի դէպի քաղաքական համայնքայնութեան ջնջում: Պասիլ ըսաւ, որ Պաապտայի համաձայնութեան երկրորդ բաժինը տնտեսական բարեկարգումի թղթածրարն է, որուն մէջ կ՛իյնայ նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի եւ պետական բարեկարգումի հարցը:

Պասիլ յայտնեց, որ փտածները պէտք չէ վայելեն իրենց համայնքներուն պաշտպանութիւնը` նշելով, որ նախարարները պաշտպանող միակ իրականութիւնը եւ հեղինակութիւնը անոնց աշխատանքն է:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան հարցին` Պասիլ ցաւ յայտնեց, որ այդ թղթածրարը լուծելու իմաստով մեծաթիւ խոչընդոտներ արձանագրուած են, անոնց պատճառով այդ տագնապին վերջ տալու քայլերը արգելակուած են, իսկ պետութիւնը ձախողած է քաղաքացիին ամէնէն տարրական կարիքները հոգալ:

Ակնարկելով քրիստոնեայ քաղաքացիներուն իրաւունքները պահպանելու քայլերուն` Պասիլ նշեց, որ ատիկա կատարելու լաւագոյն ձեւը քաղաքացիական պետութիւնն է, որովհետեւ այդ պետութեան մէջ է, որ կարելի կ՛ըլլայ պահպանել ներդաշնակութիւնը, հաւասարութիւնն ու համաձայնութիւնները:

Պասիլ շեշտեց լիբանանեան ընկերութեան միասնականութիւնը, կայունութիւնը եւ նպատակները իրականացնելու ուժը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը առիթ կու տայ փոքր քաղաքական ուժերուն իրենց ճշգրիտ չափով ներկայացուելու: «Համամասնական ընտրական օրէնքին լոյսին տակ անկարելի է, որ քաղաքական ուժեր կարենան հսկայ պլոքներ ստեղծել, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ մեր դաշինքը գործնական իմաստով պիտի թարգմանուի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ ընտրաշրջաններու մակարդակին վրայ վարկանշային քուէն իրեն համար շատ աւելի ձեռնտու էր` աւելցնելով, որ Քեսրուանի, Ժիպէյլի, Մեթնի եւ Ժեզզինի մէջ իրենք երաշխաւորուած աթոռներ զիջած են: «Հըզպալլայի, Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ մեր դաշինքներուն շնորհիւ կրնայինք մեծ յաղթանակներ արձանագրել, սակայն զիջեցանք այդ բոլորէն` յանգելու համար ընտրական նոր օրէնքի մը: Շատ առաջարկներ ստացանք 1960-ի ընտրական օրէնքը պահելու, բայց այդ բոլորը մերժեցինք` շարունակելով ընտրական օրէնքի տարբերակներ առաջարկել: Ընտրական հինգ օրէնք առաջարկեցի. հինգերորդը վաւերացուեցաւ», եզրափակեց Պասիլ:

 

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ. «Լիբանանի Փրկութիւնը Կ՛երաշխաւորուի Լիբանանցիներուն Համագործակցութեամբ»

Յաջորդը

Համատէ. «Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին Պրէօվէի Յաջողութեան Համեմատութիւնը 81,78 Առ Հարիւր Է»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.