Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս տեղեկատուութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին աշխատավարձերու յաւելումներու թղթածրարին գծով վերջնական որոշում պիտի տրուի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց Գահիրէ կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացումի սեմին կը գտնուին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Սելիմ Քարամ յատնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու իմաստով լուրջ հարցեր գոյութիւն ունին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ զէնքի գործածութեան հակակշիռը պէտք է միայն լիբանանեան պետութիւնը պահէ: Ան հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը պէտք է պարտադրէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ ամէն բան կախեալ է պետական ամավարկէն` աւելցնելով, որ պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձերու յաւելումները կրնան վաւերացուիլ խորհրդարանի յաջորդ նիստին ընթացքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտին` մաղթելով, որ ան Լիբանանը պահէ Սէուտական Արաբիոյ առաջնահերթութիւններուն մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները բաւական վատ են:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ կը յայտնէ, թէ ՏԱՀԵՇ-ը հզօրացնելով ինք Իսրայէլը կը պաշտպանէ Հըզպալլայէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ենթարկուի իր արդիւնաբերական մարզերը հարուածող ծրագրուած արշաւի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի կարեւորագոյն բարեկարգումը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուներու դրամատնային հաշիւներու գաղտնիութիւնը վերացնել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումին եւ կը պահանջէ յաջողցնել զայն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Քաթար չի կրնար յաղթական դուրս գալ իր դիմագրաւած տագնապէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի Լիբանանի եւ լիբանանեան կառավարութեան անունով չէ որ կը խօսին, այլ` Իրանի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը նուազած են 400 լ. ոսկիով, իսկ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 500 լ. ոսկիով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին Մուսթաքպալ հոսանք վերադարձնելը գրեթէ անկարելի է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի աղբիւրներ հաւանական նկատած են, որ Պաապտայի մէջ Մարատա հոսանքի անդամ Փիեռ Պաաքլինի առաջադրուի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

 

Նախորդը

«Միլլիյէթ». «Թրքական Բանակը Կը Գտնուի Աֆրինի Դէմ Յարձակում Շղթայազերծելու Սեմին»

Յաջորդը

Թինընթի. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հսկողութեան Վայրերուն Մէջ Կացութիւնը 11 Տարիէ Ի Վեր Խաղաղ Է Եւ Պէտք Է Շարունակէ Խաղաղ Մնալ»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?