Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Դեսպան Մկրտչեան եւ շէյխ Հասան ընդգծեցին բոլոր մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: