Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ «Լը Կրէյ» պանդոկին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու կեդրոնին կազմակերպած տարեկան արշաւին:
«Իթ աութ ֆոր լայֆ» խորագիրը կրող արշաւին տեւողութիւնը 1-31 յուլիս է եւ անոր ընդմէջէն կարելի է հոգալ 4 երեխաներու բուժման հոլովոյթը: Արշաւը կը ներառէ տասնեակ մը ճաշարաններ, ուր յաճախելով` ճաշելով կամ ընթրելով, վճարուած գումարէն որոշ տոկոս մը կը յատկացուի Լիբանանի մէջ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու կեդրոնին:
Այս առիթով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ զբօսաշրջութիւնը ընկերութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի եւ ուշադրութիւն կը դարձնէ անոր դիմագրաւած ընկերային ու մարդկային հարցերուն: Ան նշեց, որ նախարարութիւնը գործակցութիւն կը ցուցաբերէ, երբ նպատակները մարդասիրական են, եւ յատկապէս երբ անոնք Լիբանանի մէջ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու կեդրոնին կը վերաբերին:
Ա. Կիտանեան նշեց, որ այս արշաւը ինքնին փաստ մըն է, թէ ինչպէ՛ս լիբանանեան ընկերութիւնը իրերօգնութեան եւ համերաշխութեան տիպարն է, հետեւաբար տարօրինակ չէ, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը իր կարգին ներգրաւուի մարդասիրական նպատակներ հետապնդող այս արշաւին մէջ:
Ան յայտնեց, որ այս արշաւին մաս կազմող ճաշարաններուն թիւը հասած է 42-ի` աւելցնելով, որ ճաշարաններուն եւ զբօսաշրջութեան մարզին պարտականութիւնն է զօրակցիլ այս արշաւին եւ օժանդակել Լիբանանի մէջ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու կեդրոնին:
Նշենք, որ «Իթ աութ ֆոր լայֆ» արշաւին մաս կազմող ճաշարաններու անուանացանկը իմանալու համար պէտք է այցելել www.eatoutforlife.com կայքը:



