Ֆատլալլա. «Մենք Պարտական Կը Զգանք Պատերազմի Օրերուն Մեզի Զօրակցող Դաշնակից Ուժերուն»
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պընթ Ժպէյլի քաղաքապետութիւնը մեկնարկը կատարեց Պընթ Ժպէյլի Դ. փառատօնին:
Պընթ Ժպէյլի փառատօնի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզի եւ Հասան Ֆատլալլա:
Այս առիթով նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի մեկնարկը կազմակերպողներուն` իր նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ դիմաւորումին առիթով, ապա նշեց, որ ինք կը զգայ, թէ տարիներէ ի վեր նոյն դրացնութեամբ կը բնակի` նկատի ունենալով Պուրճ Համուտի եւ Նապաայի մէջ արձանագրուած համակեցութիւնը:
«Ինծի համար հպարտութիւն է ձեր հաւատարիմ բարեկամը ըլլալ եւ բաժնել ձեր ուղեգիծը», ըսաւ ան:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ թէեւ առիթը զբօսաշրջական է, սակայն այն վայրը, ուր կը գտնուին, Դիմադրութիւն վկայած հող է, նահատակութիւն վկայած եւ ազատագրուած հող: Հետեւաբար անիկա սուրբ հող է, որուն դիմաց պէտք է խոնարհիլ` հայրենիքի փրկութեան համար ինկած նահատակներուն յիշատակին:
«Ես հպարտ եմ Պընթ Ժպէյլի մէջ խօսք արտասանելուս համար` նկատի ունենալով, որ այդ հողին վրայ խօսքեր արտասանած են պետական մեծ անձնաւորութիւններ, ինչպէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունեմ Լիբանանի ազատագրումին եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան համար նահատակուած իւրաքանչիւր հերոսի յիշատակը», նշեց ան:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ քաղաքականութիւնը, քաղաքակրթութիւնը եւ ուրախութիւնը կը վայելէ իրենց, որովհետեւ անձնազոհութեան, նահատակութեան, Դիմադրութեան եւ յաղթանակի իմաստը գիտցող ժողովուրդն է, որ կերտած է լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանած երկրին տարածութիւնը` պահպանելով հարաւային Լիբանանի սահմանները:
Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը հարաւային Լիբանանի բնակչութեան մնայուն նեցուկը պիտի դառնայ, պիտի զօրակցի Հաւատարմութիւն դիմադրութեան եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքներուն` ապահովելով անոնց շահերը:
Նախարար Կիտանեան հարաւային Լիբանանին յաւելեալ բարգաւաճում մաղթեց եւ մեկնարկը կատարեց Պընթ Ժպէյլի զբօսաշրջական Դ. փառատօնին:
Ալի Պեզզի շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Կիտանեանին` Դիմադրութեան մայրաքաղաք Պընթ Ժպէյլի փառատօները հովանաւորելուն համար:
Իր կարգին, Հասան Ֆատլալլա շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Կիտանեանին Պընթ Ժպէյլ կատարած անոր այցելութեան համար` հաստատելով, որ նախարարը կը ներկայացնէ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ Հըզպալլայի դաշնակից քաղաքական ուժ է եւ դժուար պայմաններուն ընթացքին Դիմադրութեան նեցուկ կանգնած է: Ան շեշտեց, որ իրենք պարտական կը զգան բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք պատերազմի օրերուն Հըզպալլային զօրակցած են` աւելցնելով, որ իրենք հաւատարիմ կը մնան անոնց նկատմամբ:
Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան նախարար Կիտանեանին եւ երեսփոխաններ Պեզզիին ու Ֆատլալլային: