Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւետիս Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Նոր Ռազմավարութեան

October 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի զբօսաշրջութեան կեդրոններուն կողքին Լիբանան եւս վերածուած է զբօսաշրջական կարեւոր կեդրոնի մը:

Ան նշեց, թէ նախարարութիւնը պատրաստած է նոր ռազմավարութիւն մը, որուն հիման վրայ կ՛ակնկալուի, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութիւնը որակական ոստում մը արձանագրէ:

«Սակայն այդ ռազմավարութիւնը յայտարարելէ առաջ կ՛արժէ անդրադառնալ այն իրողութեան, որ Լիբանան երկար ժամանակ վստահած է Ծոցի երկիրներէն եկող զբօսաշրջիկներուն, եւ այս իմաստով Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները պէտք է բարելաւուին», ըսաւ ան` կեդրոնանալով այն իրականութեան վրայ, որ նախարարութիւնը կը վարէ աւելի ընդարձակ ռազմավարութիւն մը, որուն նպատակն է Լիբանանը, անոր պատմութիւնը, հնութիւններն ու կրօնական զբօսաշրջութեան կարելիութիւնները ծանօթացնել աշխարհին:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մարդուժի տագնապէն կը տառապի, օրինակի համար Եգիպտոսի եւ Փարիզի մէջ Լիբանանի ներկայացուցչութեան առումով, «սակայն մենք կարիքը ունինք Լիբանանը շուկայադրելու աշխարհին մէջ, որովհետեւ ի վերջոյ զբօսաշրջութիւնը առեւտրական գործողութիւն մըն է, որ կը միտի ծանօթացնել երկիրը, եւ ատիկա օգտակար պիտի ըլլայ Լիբանան ժամանումի առումով», յայտնեց նախարար Կիտանեան:

Ան աւելցուց, թէ այս մտահոգութենէն մեկնելով է, որ «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրուեցաւ` Փարիզի մէջ Լիբանանի ծանօթացման գրասենեակ մը հիմնելու եւ Լիբանանը ամբողջ աշխարհին ծանօթացնելու իմաստով:

Նախարար Կիտանեան մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութիւնը ամբողջ տարուան ընթացքին երկարի եւ ոչ թէ եղանակային ըլլայ: «Ներկայիս մենք կը կեդրոնանանք խորհրդաժողովներու զբօսաշրջութեան վրայ եւ կ՛աշխատինք յաջողցնել զայն, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ կը դնենք, որ խորհրդաժողովներու զբօսաշրջութեան իմաստով Լիբանան Միջին Արեւելքի մէջ դառնայ կեդրոն մը», շեշտեց ան:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը պիտի ունենայ իրեն յատուկ կայք մը, որ կը համախմբէ Լիբանանի զբօսաշրջական բոլոր վայրերը:

Ան յայտնեց, որ պիտի պատրաստուի նաեւ այլ կայք մը, որ պիտի պարփակէ Լիբանանի մէջ գործող զբօսաշրջական հաստատութիւններուն վերաբերող բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք օգտակար պիտի ըլլան աշխարհի ճամբորդական գրասենեակներուն եւ զբօսաշրջական ընկերութիւններուն, որոնց թիւը կը հասնի աւելի քան 50 հազար համաշխարհային ընկերութիւններու:

«Այս ռազմավարութիւնը կը միտի կարելի եղածին չափ Լիբանանը անբաժան պահել զբօսաշրջիկին միտքէն, երկիրը վերադարձնելով աշխարհի զբօսաշրջական քարտէսին, որմէ բաւական երկար ժամանակ հեռու մնացած էր: Անշուշտ մեր նպատակն է նաեւ տարբեր տեսակի զբօսաշրջութիւն ապահովել` գոհացնելով բոլոր ճաշակները», ըսաւ Ա. Կիտանեան:

 

Նախորդը

«Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերադարձը Պէտք Չէ Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծման Կապել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մաշնուքի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.