Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ժողովրդային հաշտութիւնը անխախտելի է` աւելցնելով, որ իրենք պիտի աշխատին այդ հաշտութիւնը  ընդարձակելու: Իսկ Լիբանանի կողմէ ի նպաստ Քաթարի եւ Եգիպտոսի դէմ քուէարկելու մասին կատարուած մեկնաբանութիւններուն անդրադառնալով` Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան պարզապէս ինքզինքէն հարցերը հեռացուցած է, երբ ձախողած է արաբական համախոհութիւն ապահովել:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ իրենք բնակեցումը կը մերժեն, իսկ սուրիացի տեղահանուածները կը փափաքին տուն վերադառնալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները ընդունելի շրջագիծին մէջ կը գտնուին եւ այդ թափով կը յառաջանան:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի աշխատանքները համակարգող Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ խորհրդարանը պատասխանատու է բոլոր նախարարութիւններու աշխատանքներուն հսկողութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ Յաւելուած արժէքի տուրքի յաւելումը արձանագրուած է աշխատավարձի յաւելումներուն  բանեցուցած ճնշումին  ներքեւ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի խենթութիւնը կրնայ ամբողջ շրջանը ոճրային արկածախնդրութեան թիրախ դարձնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ եթէ արաբական համախոհութիւն գոյանայ, ապա ո՛չ Իրան եւ ո՛չ ալ այլ երկիր կարողութիւն կ՛ունենայ միջամուխ դառնալու արաբական աշխարհը յուզող հարցերուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանի մէջ գոյացած քաղաքական համաձայնութեան երաշխիքն է եւ կառչած կը մնայ այդ համաձայնութեան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս շեշտեց, որ  Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը մերժէ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը` զանոնք նկատելով թշնամիներ` նկատի ունենալով, որ անոնց մեծ մասը սիւննի համայնքին կը պատկանին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յարաբերութիւնները փուլ գալու սահմանին չեն մօտեցած:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան Լեռնալիբանանի հաշտութեան եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն պահպանելու այդ հաշտութիւնը:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած  թուականին` աւելցնելով, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ ընտրական դաշինքներու մասին:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, լիբանանեան բանակը Համաթի օդակայանին մէջ պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ «Սոփըրթոքանօ» տիպի երկու ամերիկեան  օդանաւեր:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Խալետ Տահեր հիւսիսային Լիբանանի մէջ վերընտրուելու յոյսեր չունի: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգ է Լիբանանի վրայ շրջանային զարգացումներուն ունենալիք հետեւանքներէն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակին օժանդակելու իմաստով Յորդանան ոչ մէկ ճիգ խնայած է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ նախագահ Աուն նեղացած է Լեռնալիբանանի հաշտութեան մասին արձանագրուած արտայայտութիւններէն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանի պետական ամավարկի վաւերացումը քայլ մըն է` դիմադրելու երկրին փտածութեան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պետական ամավարկը պիտի վաւերացուի` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքին մասին տարակարծութիւնը պետական ամավարկի վաւերացումին հետ ոչ մէկ կապ պիտի ունենայ:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Զոքաք Պլաթի Մէջ Պատանի Մը Կը Սպաննէ Իր Հայրը Եւ Երկու Ուրիշներ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?