Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոնտոնի Հրդեհին Զոհ Գացած Լիբանանցիներուն Աճիւնները Փոխադրուեցան Լիբանան

October 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին Լիբանան փոխադրեց Լոնտոնի «Կրինվիլ» աշտարակին մէջ 14 յունիս 2017-ին բռնկած հրդեհին զոհ գացած լիբանանցիներուն աճիւնները:

Լոնտոնի հրդեհին զոհ գացած 6 արտերկրի լիբանանցիները Շքէյր ընտանիքին կը պատկանին: Անոնք են` Պասեմ Թահան Շքէյր (ծնեալ` 1976-ին), անոր կինը` Նատիա Շքէյր (ծնեալ` 1984-ին), դուստրերը` Միրնա (14 տարեկան), Ֆաթիմա (11 տարեկան) եւ Զէյնապ (3 տարեկան), եւ Նատիա Շքէյրի մայրը` Սարիէ (ծնեալ` 1956-ին):

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ամալ շարժումի ղեկավարութեան ներկայացուցիչ նախարար Ղազի Զաայթեր, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, Աղէտներուն շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ինչպէս նաեւ Պեքաայի Նահլէ գիւղաքաղաքէն պատուիրակութիւն մը եւ զոհերուն հարազատները դիմաւորեցին աճիւնները:

Խէյր յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը գուրգուրայ իր քաղաքացիներուն, ըլլան անոնք Լիբանանի կամ այլ երկիրներու մէջ:

«Լոնտոնի հրդեհին զոհ գացած արտերկրի լիբանանցիներու թղթածրարին լիբանանեան պետութիւնը լրջօրէն հետեւեցաւ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ցուցմունքներուն հիման վրայ Բրիտանիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատունը անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն դիմեց, որպէսզի կարելի ըլլայ 6 լիբանանցիներուն աճիւնները փոխադրել Լիբանան», յայտնեց Խէյր` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն հարազատներուն:

Իր կարգին, Զաայթեր մաղթեց, որ արտերկրի լիբանանցիները հարուածող վերջին աղէտը ըլլայ ասիկա` նշելով, որ արտագաղթող լիբանանցիները իրենց տուած որոշումին գինը սուղ կը վճարեն:

Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձին իմաստով քայլեր առնելու` Լիբանանի մէջ գործի առիթները բազմապատկելով եւ ապրուստը ապահովելով:

Զաայթեր ցաւակցութիւն յայտնեց Շքէյր ընտանիքին:

Հաժ Հասան յայտնեց, որ ինք Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի եւ Նահլէի քաղաքապետութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Պեքաայի եւ Նահլէ գիւղաքաղաքի բնակիչներուն, յատկապէս Շքէյր ընտանիքին, որ կորսնցուցած է իր հարազատները:

«Լիբանանի մէջ տիրող տագնապներուն պատճառով է, որ անոր զաւակները արտագաղթի կը դիմեն` փնտռելով գործի առիթներ եւ ապրուստը ապահովելու աղբիւրներ: Կը մաղթենք այդ հարցին լուծումներ գտնել», հաստատեց ան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Լիբանանեան Ծագումով Գերազանցներուն Այցելելու Իրենց Երկիրը Եւ Օժանդակելու Անոր

Յաջորդը

Ցեղասպանութիւնը Ուրացողներ Կեղծ Բանաձեւով Մը Կը Փորձեն Ժխտումը Շարունակել

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.