Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասմար Եւ Շքէյր Մաղթեցին, Որ Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդը Յանգի Լուծումներու

October 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մաղթեց, որ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդը վերածուի գործարարներու եւ աշխատաւորներու միջեւ երկխօսութեան սեղանի մը, որուն նպատակը ըլլայ կարելի եղածին չափ թեթեւցնել լիբանանցի քաղաքացիին ամէնօրեայ բեռը:

Ասմար պահանջեց դրական կեցուածք ցուցաբերել Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին նկատմամբ` շեշտելով, որ խորհուրդէն պահանջուած է տարբեր հարցերու համար լուծումներ գտնել: «Այդ հարցերէն են աղբի տագնապը, երթեւեկի յատուկ ծրագիրը, հանրային փոխադրամիջոցներու հարցը, հաստատութիւններու աշխատանքի կարգաւորումը, հարկային քաղաքականութեան շուրջ երկխօսութիւնը, վարձքերու օրէնքը, ինչպէս նաեւ այլ տագնապներ, որոնցմէ կը տառապի լիբանանցին», հաստատեց Ասմար:

Իր կարգին, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի պալատներու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին դերակատարութիւնը կարեւոր պիտի ըլլայ խորհրդատուական իմաստով` աւելցնելով, որ այդ խորհուրդը որոշումներ տալու կարողութիւն չունի:

Ան կոչ ուղղեց դրական գնահատելու Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի անդամներուն նշանակումը` մաղթելով, որ տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն շուրջ երկխօսութիւնը փողոցէն փոխադրուի այդ խորհուրդին մօտ:

Շքէյր յայտնեց, որ փողոցը, այլ խօսքով` նստացոյցերն ու բողոքի ցոյցերը ապարդիւն դուրս եկած են, առնուազն վերջին տարիներուն ընթացքին:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ Կ՛այցելէ Ռըշմայա. Լիբանանի Արտաքին Քաղաքականութիւնն Ու Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Կը Դառնան Բանավէճի Նիւթեր

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.