Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Լիբանանեան Ծագումով Գերազանցներուն Այցելելու Իրենց Երկիրը Եւ Օժանդակելու Անոր

October 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արեան հիւանդութիւններու յատուկ լիբանանեան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ մասնագէտ բժիշկ Ահմետ Իպրահիմի եւ ընկերակցութեամբ արաբ ու օտար դասախօսներու, որոնք մասնակցած էին միութեան հրաւիրած խորհրդաժողովին:

Արեան հիւանդութիւններու յատուկ լիբանանեան միութիւնը, հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահին, իր 11-րդ խորհրդաժողովը կատարեց «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, մանաւանդ լիբանանեան ծագում ունեցող գերազանցներուն աւելի յաճախ այցելելու Լիբանան եւ իրենց փորձառութիւնը ի սպաս դնելու Լիբանանի ծառայութեան` նկատի ունենալով, որ այս քայլը կ՛օժանդակէ աշխարհին մէջ Լիբանանը ներկայացնելու քաղաքակիրթ, մշակութային եւ գիտական պատկերով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած` արտերկրի լիբանանցիներու ներուժին վերաբերող համագումարներուն նպատակն է Լիբանանի եւ արտերկրի լիբանանցիներուն միջեւ համագործակցութիւնն ու փոխադարձ յարաբերութիւնները ամրապնդել: «Թէեւ Լիբանան փոքր երկիր է, սակայն անոր սահմանները ամբողջ աշխարհի սահմաններն են` արտերկրի լիբանանցիներուն ընդմէջէն», ըսաւ նախագահ Աուն:

Իր կարգին, Իպրահիմ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` խորհրդաժողովը հովանաւորելու առիթով, եւ աւելցուց, որ խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են ծագումով լիբանանցի անձնաւորութիւններ, որոնց մեծ մասը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ գիտական նուաճումներ իրագործած են:

Իպրահիմ նկատել տուաւ, որ անոնց շարքին է լիբանանահայ մասնագէտ բժիշկ Յակոբ Գանթարճեան, որ Թեքսասի «Էնտըրսըն» բժշկական հիմնարկի արեան քաղցկեղի բաժանմունքի պատասխանատուն է: Իպրահիմ յայտնեց, որ «Էնտըրսըն» բժշկական հիմնարկին մէջ Յ. Գանթարճեան արեան քաղցկեղի վերաբերող աշխարհի ամէնէն նշանաւոր եւ կարեւոր ծրագիրին հեղինակն է եւ իբրեւ այդպիսին արժանի է մեծարանքի, որովհետեւ ան Լիբանանի պատիւը բարձր պահած է ամբողջ աշխարհին մէջ: «Իբրեւ բժիշկներ մեզի համար հպարտութիւն է մեծարել Յ. Գանթարճեանը, եւ զայն պարգեւատրելով մենք մեծարած կ՛ըլլանք բժշկութիւնը Լիբանանի եւ աշխարհի մէջ», ընդգծեց Իպրահիմ:

Իր կարգին, նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Յ. Գանթարճեանի վաստակը եւ շեշտեց, որ լիբանանցի գերազանցներու, որոնց կարգին Յ. Գանթարճեանի մեծարանքը Լիբանանի պարտաւորութիւնն է:

Նախորդը

Պըրրի Արիտիի Եւ Ֆըրզլիի Հետ Քննարկեց Երկրին Քաղաքական Բեմը Յուզող Հարցեր

Յաջորդը

Լոնտոնի Հրդեհին Զոհ Գացած Լիբանանցիներուն Աճիւնները Փոխադրուեցան Լիբանան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.