Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի Խէյլ հովիտին մէջ բացայայտած է ականներու պահեստանոց մը:
Ըստ հաղորդագրութեան, գտնուած են հինգ լարուած ականներ, ինչպէս նաեւ գնդացիրներ, զէնք ու զինամթերք:
Բանակի հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ բանակի սակրաւորները կրցած են այդ ականները վնասազերծել:
Այլ հաղորդագրութեամբ մը, բանակի հրամանատարութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը Շեպաայի սահմանագիծը խախտած է եւ 50 մեթր յառաջացած դէպի լիբանանեան հողեր` փորձելով առեւանգել հովիւ մը:
«Իսրայէլեան ուժերը ձախողած են այդ գործողութեան մէջ, իսկ այդ շրջանին հսկող բանակի զօրամասը ապահովական բոլոր միջոցառումներուն դիմած է` կացութիւնը իր հակակշիռին տակ պահելու համար», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:


