Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Սպառնալիքները Կը Շարունակուին, Իսկ Սարրաֆ Կը Պատասխանէ

October 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի կողմէ Լիբանանին դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի սպառնալիքներէն ետք, երէկ Իսրայէլի կրթութեան նախարար Նեֆթալի Պենեթ շեշտեց, որ Իսրայէլի դէմ Հըզպալլայի սանձազերծելիք որեւէ պատերազմի պարագային Իսրայէլ պիտի քանդէ Լիբանանը:

«Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ կատարուելիք որեւէ գործողութեան պատասխանատուն պիտի ըլլայ Լիբանանը, որովհետեւ ան օրինականացուցած է Իրանի զօրակցութիւնը վայելող այդ կուսակցութիւնը: Եթէ լիբանանցիները չեն փափաքիր այդպէս ըլլայ, ապա անոնք պէտք է քայքայեն Հըզպալլան», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, երէկ գրած էր, թէ իսրայէլացի պատասխանատուներ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուին յայտնած են, թէ որեւէ ճակատումի պարագային Իսրայէլ Հըզպալլայի եւ Լիբանանի միջեւ խտրութիւն պիտի չդնէ, այլ հաւասարապէս պիտի վարուի:

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ պատասխանեց իսրայէլացի պատասխանատուներուն` շեշտելով, որ լիբանանեան բանակի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով փաստուեցաւ, որ իրենք կամք, միտք եւ կարողութիւն ունին ճակատամարտին արդիւնքը վճռելու: «Համոզուած եմ, որ այս իրականութիւնը ո՛չ միայն Իսրայէլի հետաքրքրութիւնը շարժեց, այլ զարմացուց միջազգային ընտանիքը: Կը զգուշացնեմ բոլոր անոնց, որոնք կասկածի տակ առին լիբանանեան բանակին կարողութիւնները` աւելցնելով, որ բանակին զօրութեան հիմնական ազդակը կը նկատուի լիբանանցի ժողովուրդը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Դիմադրութիւնը», ըսաւ Սարրաֆ:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան ոչ ոքի դէմ պատերազմ պիտի սանձազերծէ` ընդգծելով նաեւ, որ ոչ ոքի ալ պիտի արտօնէ իր դէմ յարձակիլ եւ պատերազմ սանձազերծել:

ՆՇԵՆՔ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը Լիբանանի մէջ ձերբակալեցին Իսրայէլի երեք գործակալներ: Անոնք են. Ապպաս Մուսթաֆա Սալամէ, Քամալ Աժուատ Հասան եւ Քարամ Աքրամ Իտրիս:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Նոր Հաշիւ Մը Բացաւ` Հաւասարակշռելու Ապրուստի Սղաճը Եւ Նշանակեց 6 Կառավարական Հիւանդանոցներու Վարչական Խորհուրդները

Յաջորդը

35 Տարի Ետք Վճիռը Արձակուեցաւ . Պաշիր Ժեմայէլը Սպաննողները Դատապարտուեցան Մահապատիժի

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.