Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիաս Սքաֆի Մահուան Բ. Տարելից. «Ժողովրդական Պլոք Կուսակցութիւնը Պատրաստ Է Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասնակցելու» Շեշտեց Միրիամ Սքաֆ

October 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զահլէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ժողովրդական պլոք կուսակցութեան հիմնադիր Էլիաս Սքաֆի մահուան Բ. տարելիցը, որուն ներկայ գտնուեցան Սքաֆի հարազատները, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Զիատ Քատիրի, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով նախարարներու եւ կուսակցութեանց ղեկավարներու, հոգեւորականներու եւ ապահովական կառոյցներու պետերու ներկայացուցիչներ:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք կուսակցութեան ղեկավար Միրիամ Սքաֆ յայտնեց, որ «Էլիաս Սքաֆի տարելիցը խանգարել փորձողները արժանի չեն, որ իրենց մասին մտածենք»: Ան կոչ ուղղեց յոյն կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր գերագոյն խորհուրդին եկեղեցին եւ կրօնը չբաժնելու:

Անդրադառնալով նախորդ օրերուն արձանագրուած քաղաքական իրադարձութիւններուն` Սքաֆ խստիւ քննադատեց լիբանանցիներուն վրայ նոր տուրքերու պարտադրումը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ տիրող այս կացութիւնը փոխելու միակ միջոցը քուէատուփերն են:

Սքաֆ ընդգծեց, որ Ժողովրդական պլոք կուսակցութիւնը կազմ ու պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու` մաղթելով, որ այդ ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին եւ իրենք դառնան լիբանանցիներուն լիիրաւ ներկայացուցիչները:

Սքաֆ շեշտեց, որ համամասնական ընտրութեան օրէնքին մշակումով ջնջումի քաղաքականութիւնը հասած է իր աւարտին, եւ լիբանանցին դէմ յանդիման կը գտնուի նոր իրավիճակի մը:

Ան աւելցուց, որ համամասնական ընտրական օրէնքը լաւագոյն նուաճումն է երեք անգամ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած ներկայ խորհրդարանին:

 

Նախորդը

Տանի Շամունի Նահատակութեան 27-րդ Տարելից. «Կը Մաղթենք Կերտել Մեր Երազած Լիբանանը Եւ Ոչ Այն Լիբանանը, Ուր Մեզ Կ՛առաջնորդեն» Ընդգծեց Տորի Շամուն

Յաջորդը

Դեսպան Մկրտչեան Ապի Խալիլի Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւ Լիբանանի Ուժանիւթի Քաղաքականութեան Առանձնայատկութիւնները

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.