Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մընիարայի Մէջ . Փաղանգաւոր Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւններու Կեդրոններու Հրկիզման Փորձ

Հոկտեմբեր 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մընիարայի մէջ (Աքքար) երէկ յետմիջօրէին Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու կեդրոններուն դիմաց տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտուեցաւ այդ կեդրոնները հրկիզելու փորձը:

Շաբաթ գիշեր անծանօթներ փորձած էին զոյգ կուսակցութիւններուն կեդրոնները հրկիզել, սակայն յաջողած էին միայն անոնց դրօշները այրել:

Զօրակցական հաւաքին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ այդ փորձին նպատակն է թիրախ դարձնել ազատութիւնը, ազատականները, աքքարցիներն ու Մայրիներու յեղափոխութեան ուժերը:

Նշենք, որ այս առումով Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը եւ խստիւ դատապարտած Մընիարայի իր կեդրոնին դէմ գործուած այդ անարգ արարքը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ արարքը գործադրութիւնն է այն խմբաւորումներուն սպառնալիքներուն, որոնք Լիբանանը չեն ընդունիր իբրեւ բոլորին երկիրը:

Պէտք է աւելցնել, որ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի դատապարտեց Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններու կեդրոններուն դէմ գործուած բռնարարքը եւ ընդգծեց յանցագործները ձերբակալելու ու պատժելու կարեւորութիւնը:

Այս առումով Մերեհպի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ եւ խստիւ դատապարտեց պատահարը` պատրաստակամութիւն յայտնելով գործակցելու յանցագործներու բացայայտման գործին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մաշնուք Կը Գովաբանէ Հանրապետութեան Նախագահը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?