Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Միացեալ Նահանգներ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացման` նախքան 2017-ի աւարտը, որպէսզի խորհրդարանը կարենայ յառաջիկայ տարուան ամավարկը տարեսկիզբին քննարկել եւ վաւերացնել:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ Լիբանան կարիք ունի իմաստուն վարչութեան, որ իր աշխատանքով կը զբաղի` հեռու մնալով ամբոխավարութենէ եւ կեցուածքներ արձանագրելէ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ հակառակ լիբանանեան պետութեան ցարդ արձանագրած նուաճումներուն, անոր կը պակսի տնտեսական պատկերացումը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի խոստացած է պատկերասփիւռի պետական կայանի նոր տնօրէնի նշանակումը նկատի ունենալ կառավարութեան գումարելիք յաջորդ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2017-ին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա նշեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր կը փութան ընտրապայքարի սկսելու: Անդրադառնալով Իսրայէլի` Ֆատլալլա հաստատեց, որ անոր զօրութեան դարը  աւարտած պէտք է նկատել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Աւստրալիոյ մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան ռազմավարական որոշումը` պատերազմի թէ խաղաղութեան մէջ գտնուելու իմաստով, Հըզպալլայի տրամադրութեան տակ կը գտնուի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդգծեց, որ Իսրայէլի հաշուոյն կատարուած գործակալութիւնը պատճառաբանելով գործակալը անպարտ կարելի չէ հռչակել, որովհետեւ Իսրայէլ թշնամի երկիր է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Հըզպալլայի մարտիկները Սուրիոյ մէջ, ընկերակցութեամբ իրենց դաշնակիցներուն, կը մղեն արաբ ժողովուրդի ճակատագիրին, անոր ապագային եւ շրջանի փրկութեան պայքարը:

Նախորդը

Առաջին Անգամ Ըլլալով. Թիլըրսընի Ներկայութեամբ Կազմուեցաւ Իրաք-Սէուտական Արաբիա Համակարգումի Խորհուրդ Մը

Յաջորդը

Մընիարայի Մէջ . Փաղանգաւոր Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւններու Կեդրոններու Հրկիզման Փորձ

RelatedPosts

Հարաւային Լիբանանի Վրայ  Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ

December 13, 2025
ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ  Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ  Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»

December 13, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մաքասետ»-ի  Պատուիրակութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մաքասետ»-ի Պատուիրակութիւնը

December 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.