Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Նապաթիէ

October 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ ընդառաջելով Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապերի հրաւէրին, այցելեց Նապաթիէի զբօսաշրջական կեդրոնները, որոնց շարքին` նաեւ Շքիֆ բերդը:

Զբօսաշրջական արժէք ներկայացնող այդ բերդը այցելելէ ետք, բերդին շրջափակին մէջ Ժապեր արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ողջունեց նախարար Կիտանեանը եւ բարի գալուստ մաղթեց անոր:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ժապերին` անոր հրաւէրին համար, աւելցնելով, որ Շքիֆ բերդը իսկապէս պատմական եւ մշակութային արժէք է լիբանանեան զբօսաշրջութեան մէջ:

Ան ընդգծեց, որ այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ շարժառիթը զբօսաշրջական մարզին մէջ նոր ընթացագիծ մը ճշդելու: Շքիֆի բերդին մասին պիտի յայտարարենք նախարարութեան բոլոր կայքերով` փաստելու համար Լիբանանի պատմութիւնը, որ կը հետաքրքրէ զբօսաշրջիկները:

Նախարար Կիտանեան աւելցուց նաեւ, որ մշակոյթի նախարարութեան հետ պիտի գործակցին, որպէսզի բերդին վերանորոգումէն անմիջապէս ետք կարելի ըլլայ բերդին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները հրապարակել` այդ մասին տեղեակ պահելու համար բոլորը:

«Իբրեւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն ճիգ չենք խնայեր համոզելու զբօսաշրջիկները` Լիբանան այցելելու: Լիբանանի վայելած քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան շրջագիծին մէջ առաջնահերթութիւն է, որ օտար զբօսաշրջիկները մղենք Լիբանան այցելելու` նաեւ երկրին տնտեսութիւնը բարելաւել կարենալու համար: Ճիշդ է, որ ներքին լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը եւս իր կարեւորութիւնը կը ներկայացնէ, սակայն մեզի համար առաջնահերթ է Լիբանանը զետեղել զբօսաշրջական համաշխարհային քարտէսին վրայ, ապա անցնիլ ներքին զբօսաշրջութեան զարգացման: Անշուշտ այս ծրագիրները պէտք է զուգահեռ ընթանան, սակայն ի մտի պէտք է ունենալ, որ կառավարութեան կազմութենէն տակաւին տասը ամիս անցած է եւ Լիբանանի վայելած քաղաքական ու ապահովական կայուն իրավիճակը մեզի կը մղէ իրականացնելու Լիբանանը զբօսաշրջութեան համաշխարհային քարտէսին վրայ զետեղելու մեր պատրաստած ամբողջական ծրագիրը», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան այցելեց նաեւ Քֆար Ռըմմեն եւ Քֆար Ժոզ շրջանները, ուր  այցելեց Նապաթիէի մոլը, «Տիուան Ըզ» եւ «Պէյթ զամանէլ ժամիլ» հանգստարանները:

Ի պատիւ նախարար Կիտանեանի ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ Շքիֆի «Թու թանկօ» ճաշարան-հանգստարանին մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ եւ այլ պատասխանատուներ:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ ինք իսկապէս հմայուած ու զարմացած է Նապաթիէի մէջ իր վկայած զբօսաշրջական վայրերով:

«Երկար տարիներ իսրայէլեան բռնագրաւումին տակ մնացած եւ ամէնօրեայ դրութեամբ իրենց ամէնէն թանկագինը զոհած այս շրջանին բնակիչները կրցած են պահպանել այս շրջանն ու Լիբանանը, իսկ այս քաղաքը բառին բուն իմաստով զբօսավայր մը դարձած է», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու Նապաթիէի զբօսաշրջական բոլոր հաստատութիւններուն հետ` մաղթելով, որ Նապաթիէ կը շարունակէ բարգաւաճիլ:

Նախորդը

Դեսպան Մկրտչեան Ապի Խալիլի Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւ Լիբանանի Ուժանիւթի Քաղաքականութեան Առանձնայատկութիւնները

Յաջորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին» Շեշտեց Նեպիհ Պըրրի

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.